Թուրքիա-(HDP) Երէկ գրանցուած ահաբեկչական պայթումներուն հետեւանքով HDP -ի անդամ երկու խորհրդարանական թեկնածուներ զոհուած են: Զոհուածները կը կոչուին Ապտիլլահ Էրոլ եւ Քուպրա Մէլթէմ Մոլաօղլու, անոնք Անգարայէն HDP–ի թեկնածուներ են: Յիշեցնենք, որ երէկ գրանցուած պայթումներուն հետեւանքով զոհուածներուն թիւը անցած էր 96-ը: