image

Անգարա-Մոսկուա տարաձայնութիւնները ակներեւ են եւ ազդեցիկ

Անգարա-Մոսկուա տարաձայնութիւնները ակներեւ են եւ ազդեցիկ

Եւրոպայի մէջ կորսնցուցած վաճառքները փոխարինելու համար Թուրքիոյ մէջ «կազային հանգոյց» ստեղծելու`Ռուսիոյ ջանքերը կը յետաձգուին, քանի որ տարաձայնութիւններ կան, թէ ով պէտք է ղեկավարէ այն: Reuters-ին յայտնած է նախագիծին ծանօթ երկու աղբիւր:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին առաջարկած էր այդ գաղափարը 2022 թուականի հոկտեմբերին, անմիջապէս այն բանէն ետք, երբ պայթումները վնասած էին Հիւսիսային հոսք կազատարները, որոնք Ռուսիան կը կապեն Գերմանիոյ՝ Պալթիք ծովով: Դեռ պարզ չէ, թէ ով է պատասխանատու պայթումներու համար:

Ըստ Reuters-ի՝ իրավիճակին ծանօթ աղբիւրն ըսած է, որ կազային հանգոյցի ծրագիրը յետաձգուած է, քանի որ Մոսկուան եւ Անգարան կը վիճին վերահսկողութեան համար:

«Կան կառավարչական խնդիրներ. անոնք կը պայքարին այն բանի համար, թէ ով պիտի կառավարէ հանգոյցը»,-ըսած է աղբիւրը:

Ըստ լրատուամիջոցի՝ մէկ այլ աղբիւր, որ «մօտ է Քրեմլինի կողմէ վերահսկուող կազային հսկայ «Կազփրոմ»ին, խոստովանած է, որ խնդիր կայ կառավարման հարցերու հետ կապուած»: