image

ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները պիտի վերսկսին 27 Դեկտեմբերին

ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները պիտի վերսկսին 27 Դեկտեմբերին

Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի աշխատակազմի ղեկավար Էնրիքէ Մորան, որ կը համակարգէ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւնները, յայտնած է, որ Վիեննայի մէջ քննարկումներու յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 27-ին:

 «Կարեւոր է արագացնել առանձին բարդ հարցերը լուծելու ընթացքը եւ յառաջ շարժիլ` սերտօրէն համագործակցելով Միացեալ Նահանգներու հետ: Բարի գալուստ 8-րդ փուլ», Թուիթըրի մէջ գրած է Մորան: