Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կը ծրագրԷ պահպանել ամերիկեան զինծառայողներու ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ներկայացուցիչ Ճոն Քըրպին։
«Իսլամական Պետութեան դէմ մեր առաքելութիւնը չի փոխուիր: Մենք Սուրիոյ մէջ մինչեւ հազար զինծառայող ունինք, որոնք պայքար կը մղեն այս ցանցի դէմ, որ, թէեւ մեծապէս փոքրացած է, բայց դեռ կենսունակ է», -ըսած է Քըրպին CBS հեռուստաալիքի եթերիր՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները միշտ պիտի պաշտպանէ իր զօրքերը եւ կառոյցները:
Անո խօսքով՝ Պայտըն «միանգամայն կողմնակից» է այդ առաքելութեան պահպանման։