Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտարարած է Թեքսաս նահանգէն Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ, դեմոկրատ Հենրի Քուելեարին եւ անոր կնոջը կաշառակերութեան մեղադրանքներ ներկայացնելու մասին:
Ըստ մեղադրանքներուն՝ Քուելեար կը կասկածուի մօտ 600 հազար տոլար կաշառք ստանալու եւ այդ միջոցները «լուալու» մէջ։
Կ'ենթադրուի, որ քաղաքական գործիչը միջոցներ ստացած է 2014 թուականի դեկտեմբերէն մինչեւ 2021 թուականի նոյեմբերը Ատրպէյճանի պետական նաւթակազային ընկերութենէն եւ Մեքսիքական դրամատունէն, ապա կնքած է խորհրդատուական ծառայութիւններու մատուցման կեղծ պայմանագիրներ իր կնոջը՝ Իմելտա Քուելեարին պատկանող կեղծ ընկերութիւններու միջոցով:
«Ատրպէյճանական նաւթակազային ընկերութեան վճարած գումարներու դիմաց քոնկրեսական Քուելեար, ենթադրաբար, համաձայնած է օգտագործել իր պաշտօնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ Ատրպէյճանի օգտին ազդելու համար»,- ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Քոնկրեսականն ու անոր կինը մեղաւոր գտնուելու պարագային անոնց կը սպառնայ տասնեակ տարիներու ազատազրկում: