Օրերս Լոս Անճըլըսի մէջ տեղի ունեցած է հայրենի «Առաջին ալիք» պետական կայանի Միացեալ Նահանգներու բաժանմունքի հիմնադրման հանդիսութիւն երեկոն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄՆ-ի իր աղբիւրէն, որ նաեւ հաղորդեց, որ հանդիսաւոր արարողութեան խօսքով հանդէս եկած է հայրենի հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն՝ Յովհաննէս Մովսիսեան։
Կը նշուի նաեւ, որ այս առթիւ կազմուած է համայնքային ներկայացուցչական խորհուրդ մը, որուն անդամներէն է նաեւ ամերիկահայ գործարար Տիար Կարպիս Թիթիզեան։
Այս առթիւ ալ Թիթիզեան կատարած է հակիրճ գրառում մը, ու զայն կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը երէկ Լոս Անճըլոսի մէջ ներկայացուց իր նոր հեռուստաալիքը՝ «Առաջին Ալիք Ամերիկա»: Եղածը իսկապես մեծ ձեռքբերում է բոլորիս համար՝ հայապահպանութեան, մեր լեզուի, ազնիւ ու ճշգրիտ տեղեկատվութեան, ինչպես նաեւ ժամանակակից մետիայի ճիշդ աշխատանքի տեսանկիւնէն։
Ինքս քիչ բան չեմ ըրած Սփիւռքի հայկական մետիայի ձեւաւորման համար ու քաջ կը գիտակցիմ այս բոլորի կարեւորութիւնը: Բարի երթ… First Channel America