image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկահայ բարերարի նեցուկը՝ Խարբերդի մանկատան

Ամերիկահայ բարերարի նեցուկը՝ Խարբերդի մանկատան

Մասեացոտնի թեմէն վերահասու կը դառնանք, թէ օրհնությամբ Մասյացոտնի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Գէորգ Եպս. Սարոյեանի, Մարմարաշէնի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգևոր հովիւ Տ. Ղազար քահանայ Թորոսեանը այցելեց Խարբերդի յատուկ մասնագիտացուած մանկատան սաներուն։ Թեմակալ առաջնորդի կոչին ընդառաջ՝ ամերիկաբնակ Օհան Ղարիպեանի նիւթական աջակցութեամբ մանկատան փոխանցուեցան թիւով երեք բազմոցներ։

Մարմարաշէնի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Մասիս Երիտասարդաց միութեան եւ մանկատան տնօրինութեան հետ համատեղ շրջայց կատարուեցաւ նաեւ այդտեղ գործող կաւագործութեան, փայտամշակման արհեստանոցներուն մէջ։