«Ամէն գնով պէտք է պահել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը։ Եթէ հիմա Մինսկի խումբը լուծարուի, այլեւս չափազանց դժուար կը լինի նման միջազգային նոր ֆորմատ ունենալ». այսօր հրաւիրած ասուլիսին յայտարարած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը։
Ան «յիմարութիւն» որակած է ներկայիս փոխուող աշխարհի մէջ այնպիսի քայլեր ձեռնարկելը, որոնք անվերադարձ կորուստ կրնան բերել բանակցային գործընթացին։
«Մինսկի խումբն այսօրուայ վիճակով քեզ ի՞նչ է խանգարում։ Բանակցային ֆորմատ է, թող մնայ։ Եթէ ստեղծուի մէկ այլ բանակցային ֆորմատ յետոյ սա թող լուծարուի»,-ըսած է Քոչարեանը։
2020-ի Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ԵԱՀԿ-էն բազմիցս պահանջած է լուծարել Մինսքի խումբը։ 2024-ին Ալիեւը մասնաւորապէս ըսած էր․ «Ատրպէյճանական կողմն այդ հարցը բարձրացուցած է, եւ չկայ որեւէ պատճառ, որ հայկական կողմը համաձայն չըլլայ»։
2025-ի յունուարին արդէն Նիկոլ Փաշինեանը եւս յայտարարած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է Մինսքի խումբը լուծարելու հարցով ԵԱՀԿ դիմելու։
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական ձեւաչափն էր 1992-էն ի վեր։ Մինսքի խումբի համանախագահ երեք երկիրներու՝ Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի միջնորդութեամբ ներկայացուած են հակամարտութեան կարգաւորման շարք մը տարբերակներ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւոր խաղաղութեան մասին
Քոչարեանը կը համարէ, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը տեսականօրէն կրնան հասնիլ խաղաղութեան։ Բայց այն ձեւաչափով, որով հիմա կը բանակցին, այդ խաղաղութիւն չէ։
Երկրորդ նախագահը հայ-ատրպէյճանական բանակցային ներկայ փուլի ամէնէն մեծ սխալներէն մէկը կը համարէ այն, որ Հայաստանն Ատրպէյճանի հետ կը բանակցի առանց միջնորդներու։
Քոչարեանի խօսքով՝ խաղաղութեան պայմանագրին, ըստ էութեան, որեւէ պետութիւն երաշխաւոր պիտի չըլլայ։ Ըստ անոր, որեւէ թուղթ պատերազմ չէ զսպած։
«Պատերազմն իրականում զսպելու համար պէտք են բանակցութիւններ, պէտք են ստորագրուած փաստաթղթեր, պէտք են երաշխաւորներ։ Յատկապէս այսօր, մենք հաւասար պայմաններում չենք, ամէնից լաւ երաշխաւորն այն է, երբ դու ունես այնպիսի բանակ, որը գոնէ մի զգալի մասով արդէն երաշխաւորում է խաղաղութիւն։ Պատերազմները շատ դէպքում չեն սկսում, որովհետեւ հետեւանքները պատերազմը սկսողի համար կարող են ծանր լինել»,-ըսած է Քոչարեանը։
Ռոպերթ Քոչարեանն այժմ որեւէ գործօն չի տեսներ կայուն խաղաղութեան համար։
«Իրենց մի թուղթ է պէտք լինելու թմբկահարելու համար, որ՝ այո ես խաղաղութիւն եմ բերել։ Խաղաղութիւն բառը եթէ կայ, կապ չունի բովանդակութիւնն ինչն է։ Մենք հասկանում ենք, որ ժողովրդի մեծ մասը վերնագրերն է միայն կարդում»,-ըսած է Քոչարեանը։