image

ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան ընդունած է Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը

 ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան ընդունած է Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը

Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի  Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան ընդունուած է Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Շաբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2023-ին , Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, ներկայութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս ընդունեց Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տելհի եւ Ա.Մ. Էմիրութեանց Առաջնորդ` Յովհաննէս Մար Տիմիթիոս Եպիսկոպոսը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ 

Սրբազան հայրը եւ Հնդիկ եպս. հին բարեկամներ ըլլալով շատ ջերմ եւ մտերմիկ զրոյց ունեցան հանդիպման ընթացքին։ Քննարկուեցան զոյգ եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւննեը, դիմագրուած մարտահարաւէրները, համերաշխ եւ արդիւնաբեր գործակցութիւնը հայ ու հնդիկ եկեղեցիներու միջեւ եւ ջերմ համագործակցութիւնը տարածաշրջանէն ներս։

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցան նուէրներու փոխանակում, Սրբազան հայրը Հնդիկ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսին նուիրեց Վեհափառ Հայրապետի «Հայ Եկեղեցին» հատորէն անգլերէն օրինակ մը: