image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւի «հին-նոր» պահանջները

Ալիեւի «հին-նոր» պահանջները

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը պահանջէ զինաթափել Արցախի պաշտպանութեան բանակը եւ բանալ «Զանգեզուրի միջանցք»ը։ Ան իր պահանջները եւ տարածքային յաւակնութիւնները Հայաստանի հանդէպ ներկայացուցած է Պաքուի մէջ, Ոչ յանձնառու շարժումի անդամ երկիրներու համակարգող բիւրոյի նախարարական հանդիպման ժամանակ։

«Հակամարտութեան աւարտէն շատ չանցած Ատրպէյճանը ներկայացուցած է հինգ հիմնական սկզբունք Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար՝ հիմնուած իրար ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ։ Չնայած Հայաստանը ստիպուած էր Ղարաբաղը ճանչնալ Ատրպէյճանի մաս, Ատրպէյճանի տարածքին, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները, դեռ կը գտնուին հայկական զինուած ուժերու մնացորդները»,-ըսած է Ալիեւ։

«Հայ զինուորականները եւ ռազմականամերձ կազմաւորումները պէտք է զինաթափուին»,-ըսած է Իլհամ Ալիեւ։

Ան նաեւ յայտարարած է, որ «Հայաստանը նաեւ կը խոչընդոտէ Զանգեզուրի միջանցքի բացումը, որ Ատրպէյճանի հիմնական մասը կը կապէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ։ Այդ անոր պարտականութիւնն է, որ կը բխի մօտ երեք տարի առաջ անոր ստորագրած հողատւութեան համաձայնագրէն»։