image

Ալիեւի 11 Տարեկան Որդին Լոնտոնի Կեդրոնը Գտնուող 45 Միլիոն Տոլարնոց Գոյքի Սեփականատէրն Էր

Ալիեւի 11 Տարեկան Որդին Լոնտոնի Կեդրոնը Գտնուող 45 Միլիոն Տոլարնոց Գոյքի Սեփականատէրն Էր

Այս աղմկայարոյց զեկոյցը հրապարակուեցաւ միջազգային լրատուական միջոցներու կողմէ, 3 Հոկտեմբեր 2021ին: Թէեւ այս առաջին դէպքը չէ, երբ կը պարզուի, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքը  արտերկրային  ընկերութիւններու միջոցով հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու անշարժ գոյք ձեռք բերած է երկրէն դուրս, սակայն ասիկա ամէնէն թարմ եւ մանրամասն մշակուած գայթակղեցուցիչ լուրն է:

Ալիեւի 11-ամեայ որդիին՝ Հեյտար Ալիեւի մասին զեկոյցը մերկացուած է ֆինանսական գաղտնի փաստաթուղթերու արտահոսքի ամէնէն մեծ հաւաքածոյի՝ «Փանտորայի փաստաթուղթեր»ու (Pandora Papers) կողմէ։ Այս գաղտնազերծուած թղթածրարը կազմակերպած է Հետաքննող լրագրողներու միջազգային ընկերակցութիւնը (ICIJ)՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու աւելի քան 650 թղթակիցներու մասնակցութեամբ: Ինչպէս որ կը հաղորդէ BBCն, գրառումները կը պարունակեն «մօտաւորապէս 12 միլիոն փաստաթուղթեր եւ  թղթածրարներ, քանի մը երկիրներու ֆինանսական ծառայութիւններու 14 ընկերութիւններէ՝ բրիտանական Վիրճինեան կղզիներու, Փանամա, Պելիզի, Կիպրոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Սինկափուրի եւ Զուիցերիոյ մէջ»:

Թէեւ  մեծ մասը  «բացայայտուած գործարքներէն՝ իրաւական անօրինականութիւն չի պարունակեր», սակայն կան լուրջ «մտահոգութիւններ, ըստ որոնց որոշ կալուածներու գնորդներ հաւանական է, որ թաքցնեն դրամի լուացման գործողութիւնները», յայտարարած է BBC: «Արտերկրային  ընկերութիւնները կրնան մարդոց առաջարկել՝ օգնել թաքցնելու կանխիկ դրամական միջոցներ կամ խուսափիլ տուրքերէ: Անոնք կ՛օգտագործեն արտերկրային այդ հաշիւները, արտերկրային խորհուրդները՝ տարբեր երկիրներու մէջ հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու արժողողութեամբ գոյք գնելու եւ սեփական ընտանիքները հարստացնելու համար՝ իրենց քաղաքացիներու հաշուին», աւելցուցած է Ֆերկիւս Շիլ՝ ICIJ-էն:

BBC ըսած է, որ «Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ անոր ընտանիքը, որոնք կը մեղադրուին սեփական երկիրը թալանելու մէջ, օրինակներէն մէկն են: Քննութիւնը պարզած է, որ Ալիեւները եւ անոնց ամէնէն մօտիկ գործընկերները գաղտնի ներգրաւուած են Մեծ Բրիտանիոյ մէջ անշարժ գոյքի աւելի քան 400 միլիոն ֆունտ սթերլինկի (540 միլիոն տոլար) գործարքներու մէջ: Ատրպէյճանի մէջ Ալիեւի իշխող ընտանիքը, որ երկար ժամանակ կը մեղադրուէր փտախտի մէջ, ստեղծած է լայնածաւալ արտերկրային ցանց՝ իր դրամները թաքցնելու համար»: Նախագահ Ալիեւի տարեկան աշխատավարձքը կը կազմէ 228 հազար տոլար:

BBC նաեւ պարզած է, որ 2009ին Ալիեւները Մեծ Բրիտանիոյ մէջ գնած են 17 շէնք, այդ շարքին՝ Լոնտոնի շքեղ Մեյֆեր շրջանը գտնուող գրասենեկային շէնքերու ամբողջ թաղամաս մը՝ 45 միլիոն տոլարով, նախագահին 11 տարեկան զաւկին՝ Հեյտար Ալիեւի համար, որ այդ օրերուն դպրոցական աշակերտ էր։

2008ին Ալիեւները 47 միլիոն տոլարով գնած են ուրիշ շէնք մը Լոնտոնի մէջ եւ 2018ին զայն ծախած են 89 միլիոն տոլարով՝ ստանալով 42 միլիոն տոլարի շահ: Ալիեւները այդ կալուածը ծախած են «Crown Estateի՝ թագուհիին կալուածներու կայսրութեան, որ կը կառավարուի (Միացեալ Թագաւորութեան) գանձարանին կողմէ եւ կանխիկ միջոցներ կ՛ապահովէ պետութեան համար»: BBC ըսած է, որ «Crown Estate կը հաստատէ, որ գնման պահուն իրականացուցած է օրէնքով պահանջուող ստուգումները, սակայն ներկայիս կը զբաղի այդ հարցի ուսումնասիրութեամբ»:

ICIJ կայքին մէջ տեղադրուած առանձին յօդուածի մը մէջ՝ «Հզօր խաղացողները» վերնագրով, ընդգծուած է Ատրպէյճանի նախագահի երեք զաւակներուն՝ Արզու Ալիեւայի, Հեյտար Ալիեւի եւ Լէյլա Ալիեւայի անհաւատալի հարստութիւնը:

ICIJի յօդուածով կը յստակացուի, որ «Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի նախագահ դարձաւ 2003ին կեղծուած ընտրութիւններուն իբրեւ հետեւանք...: Ան փաստացիօրէն կը վերահսկէ պետական նաւթային հիմնադրամը, որ տարեկան 9  միլիառ  տոլար եկամուտ կը ստեղծէ: Անոր նախագահութիւնը նշանաւորուեցաւ քաղաքական դաժան ճնշումներով եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներով, որոնց շարքին՝ լրագրողներու եւ այլախոհներու բանտարկում եւ խոշտանգումներ: Հակառակ աւազակապետութիւն վարելու մեղադրանքներուն, Ալիեւ սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանէ եւրոպացի ղեկավարներու հետ՝ յայտնի իբրեւ «ձկնկիթային դիւանագիտութիւն»: «Կազմակերպուած  յանցաւորութեան եւ  փտախտի լուսաբանման  նախագիծ»ին կողմէ, 2017ին, «Ատրպէյճանական լուացքատուն» քննութիւնը պարզած էր, թէ ինչպէս Ալիեւին առնչուող գրեթէ 3 միլիառ տոլարը լուացուած է կեղծ ընկերութիւններու միջոցով, իսկ շահին մեծ մասը ծախսուած է եւրոպացի քաղաքական գործիչներու նուէրներուն վրայ: Լրատուական ուրիշ քննութիւններ, ներառեալ ICIJի «Արտերկրային արտահոսքեր»ը եւ «Փանամական փաստաթուղթեր»ը, ցոյց տուած են, որ Ալիեւներու ընտանիքը կը վերահսկէ զգալի հարստութիւն Ատրպէյճանի մէջ, եւ որ նախագահին երեք զաւակները նոյնպէս կալուածներ ունին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Տուպայի մէջ»:

ICIJ նաեւ բացայայտած է, որ Փանտորայի փաստաթուղթերը «հնարաւորութիւն կու տան պատկերացում մը կազմելու Ալիեւի զաւակներու  մեծագումար  ներդրումներուն մասին, անշարժ շքեղ գոյքի ձեռքբերման համար։ 2006էն 2018,  անոնք Բրիտանական Վիրճինեան կղզիներու մէջ արձանագրուած 44 ընկերութիւններու բաժնետէր էին: Փաստաթուղթերու համաձայն՝ զաւակներուն պատկանած են հինգ ընկերութիւններ, որոնք 2006էն 2009 Լոնտոնի մէջ գնած էին աւելի քան 120 միլիոն տոլարի շքեղ կալուածներ, որոնցմէ շատերը հետագային ծախուեցան հսկայական շահով»։

Բացի Լոնտոնի գրասենեակի 45 միլիոն տոլար արժողութեամբ շէնքէն, որ այդ օրերուն 11 տարեկան Հեյտար Ալիեւի կը պատկանէր, անոր քոյրը՝ Արզու, արտերկրային ընկերութեան միջոցով մէկ թաղամաս միւս կողմ գնած էր գրասենեկային այլ շէնք մը՝ 47 միլիոն տոլարով: «2009ին, մեծ աղջկան՝ Լէյլա Ալիեւայի պատկանող ընկերութիւնը 13․5 միլիոն տոլար արժողութեամբ անկիւնային շէնք մը գնած է Լոնտոնի Oxford Circusի ետեւը, ուր տեղ գտած են Ալիեւի ընտանիքի ընկերներուն կողմէ ղեկավարուող շարք մը ընկերութիւններ», կ՛ըսուի  ICIJի մէջ:

Այս կալուածներուն սեփականութիւնը քողարկելու նպատակով «2013էն սկսեալ, Ալիեւի զաւակները իրենց արտերկրային ընկերութիւններուն բաժնետոմսերը փոխանցած են իրենց մօրական մեծ հօր՝ Արիֆ Փաշաեւի: Հետագային, ունեցուածքը յանձնուած է  շարք մը խորհուրդներու՝ բրիտանական կախուածութեան եւ գաղտնիութեան ապաստարան համարուող Մէն կղզիի մէջ (Isle of Man)։ 2006էն 2017, Փաշաեւ եւ երկու մօտիկ գործընկերներ Լոնտոնի մէջ եւ անոր մօտերը գնած են աւելի քան 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ լրացուցիչ կալուածներ»: Զարմանալի չէ, որ Ալիեւի ընտանիքի անդամներէն ոչ ոք  արձագանգած է ICIJի՝ մեկնաբանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ խնդրանքներուն:

Թէեւ խայտառակութիւն է, որ չարաշահուած են Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն պատկանող միջոցները, սակայն հայերուն համար լաւ լուրը այն է, որ Ատրպէյճան այս մեծ գումարները չէ օգտագործած աւելի շատ զէնք գնելու եւ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին յաւելեալ վնաս պատճառելու նպատակով...

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչն եմ...