image

Ալիեւ մերժած է մասնակցիլ Կրանատայի մէջ կայացուելիք բանակցութեան սեղանին

Ալիեւ մերժած է  մասնակցիլ Կրանատայի մէջ  կայացուելիք բանակցութեան  սեղանին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրաժարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն, որ պէտք է կայանայ սպանական Կրանատայի մէջ՝ ԵՄ-ի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներու մասնակցութեամբ: Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ իրենց աղբիւրներուն յղումով:

Նշուած է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարի մերժման պատճառը Ֆրանսայի իբրեւ թէ «ապակառուցողական դիրքորոշումն է», ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահի՝ հանդիպման մասնակցելու հարցով Փարիզի եւ Պեռլինի անհամաձայնութիւնը։ Նման պայմաններու մէջ Ատրպէյճանը հրաժարած է բանակցելէ։