Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղական պատկերասփիւռի կայաններուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ եթէ «Զանգեզուրի միջանցքը» չբացուի, Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանը որեւէ այլ կէտի մէջ պիտի չբանայ։
«Այդ պարագային, անոնք աւելի շատ վնաս կը ստանան, քան` օգուտ», պնդած է ան՝ նշելով, թէ ի՛նչ պայմաններ ունի Պաքու այդ ճամբուն համար:
«Մարդիկ եւ բեռները Ատրպէյճանէն պէտք է հասնին առանց ստուգումներու», ըսած է Ալիեւ։