Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի յարմար պահու Ատրպէյճան այցելել։ Ալեն Սիմոնեանն այդ մասին ըսած է Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին։
«Ես պատրաստւում եմ յարմար պահի այցելել Ադրբեջան, պատրաստւում եմ նաեւ ադրբեջանցի իմ գործընկերոջը որեւէ ֆորմատով Հայաստան հրաւիրել»,-ըսած է Սիմոնեանը։
Հարցին, թէ երբեւէ ստացա՞ծ է Ատրպէյճան այցելելու հրաւէր, Ալեն Սիմոնեանը պատասխանած է. «Չէ, չի եղել, բայց եթէ լինի, ես այդ հրաւէրը կը քննարկեմ»։