image

«Ակօս»ի աշխատակից Էմրէ էրթանիի խորհրդաւոր մահը՝ Վիենայի մէջ

«Ակօս»ի աշխատակից Էմրէ էրթանիի խորհրդաւոր  մահը՝  Վիենայի  մէջ

 Վիենայի մէջ  «Ակօս»ի աշխատակիցներէն  Էմրա էրթանիի անշնչացած   մարմինը գտնուած է։

 

 Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ «Ակօս»էն։

Աղբիւրը, որ մեծ ցաւ  յայտնած է այս բօթին համար նշած է, որ Էրթանի վերջին երեք տարիներուն ընթացքին  բնակութիւն հաստատած էր  Վիենայի մէջ, ուր եւ կը պատրաստէր իր դոկտորականի թէզը։

 

 Մահուան  հանգամանքներուն մասին  ոչ մէկ  տեղեկութիւն տրուած է։

 

 Նշենք, որ Էրթանի «Ակօս»էն բացի գրած է նաեւ  «Սփութնիք» ծառայութեան թրքական բաժնին մէջ, ուր հանդէս եկած է  յօդուածներով։