image
Հրատապ լուրեր:

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Պաքուն ինչո՞ւ կը կրակէ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Պաքուն ինչո՞ւ կը կրակէ

Պարզ էր, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովը Ծերակոյտի հետեւողութեամբ պիտի յանգէր նման բանաձեւի: Երեւոյթը շատ նման է 44-օրեայ պատերազմին Ֆրանսայի երկպալատ բանաձեւերուն` որոնք կոչ կ՛ուղղէին Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու:

Նման բանաձեւեր խաղաթուղթ են գործադիրին համար: Օգտագործելի Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին: Այստեղ արդէն կը խօսուի ազրպէյճանցիներու դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու մասին, եթէ շարունակուի ներխուժումը հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ: Քաղաքական առումով կայ անշուշտ Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական ազդեցութեան հակակշիռ քայլեր առնելու ենթաառաջադրանքը: Ռուսական միջնորդութեան եւ ԵԱՀԿ-ի անդամալուծման արանքին մէջ Ֆրանսան կ՛աշխատի դեր ստանձնել տարածշրջանին մէջ եւ ներգրաւուիլ գործընթացին: Օրէնսդիր դաշտի կայացուցած բանաձեւերը հիմնականին մէջ այս նպատակը կը հետապնդեն:

Շարունակենք համեմատութիւնը նախկին բանաձեւերուն հետ եւ նկատենք, որ անոնք չտեղափոխուեցան գործադիրի դաշտ, ինչպէս կ՛ակնկալուէր: Միաժամանակ արձանագրենք, որ նախագահ Մաքրոնի եւ ընդհանրապէս պաշտօնական Փարիզի դիրքորոշումը ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դէմ ամէնէն հասցէականն էր, հնչած` սեպտեմբերեան պատերազմական գործողութիւներուն առիթով: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Պաքուն վեթոյի ենթարկէ Փարիզի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին: Քէ Տորսէի յայտարարութիւնը, որ բանաձեւերը պաշտօնական Փարիզի վարքագիծը չեն ներկայացներ, կը կատարուի այն ատեն, երբ ճիգ կը թափուի Պրիւքսելի քառակողմ հանդիպումը յաջողցնելու: Եւ եթէ մէկ կողմէ անիկա կը մեկնաբանուի այնպէս, որ Փարիզը կը փորձէ վերստին հաւասար հեռաւորութիւն պահել միջնորդի դեր վերստանձնելու համար, միւս կողմէ նոյնքան պարզ է, որ վեթոյի չեղեալ նկատուելուն պարագային Մաքրոնը կարելիութիւն կ՛ունենայ իր օրէնսդիրին տրամադրած խաղաթուղթերը օգտագործելու:

Չի բացառուիր, որ Պաքուն շարունակէ պատրուակել նման բանաձեւերը: Հարցը ըստ էութեան մեծ հաշուով կախում ունի Պաքու- Անգարա-Մոսկուա գիծին վրայ ընթացող բանակցութիւններէն: Պաքուի մերժումը ֆրանսայի ներգրաւման, կը բխի նախ եւ առաջ Մոսկուայի շահերէն, որ կը նախընտրէ Անգարայի հետ համաձայնաբար պահպանել հիմնական միջնորդի դերը:

Պէտք է նկատել, որ Ուաշինկթընը եւս իրար ետեւէ այցելութիւններով եւ յայտարարութիւններով կը փորձէ իր ներգրաւուածութիւնը աշխուժացնել այս բոլորին զուգահեռ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան թղթածրարի պատասխանատուն եւ Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը դարձեալ կ՛այցելէ Պաքու- Թիֆլիս- Երեւան: Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտարարութիւն կ՛ընէ ուղղուած Մոսկուային: Կը յայտնէ, թէ տարածաշրջանէն Ռուսիոյ քաշուելու պարագային Միացեալ Նահանգներու կարելիութիւնները` խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ կը սահմանափակուին:

Յայտարարութեան շրջածիրը շատ կարեւոր է այս պարագային: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը շուտով պիտի ստանձնէ Ռուսիոյ դաշնութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը, եւ այս յայտարարութիւնը կը կատարուի ծերակոյտի մէջ այս հարցով կազմակերպուած լսումներուն ընթացքին: Ուղերձը այն է, որ իր պետութիւնը պիտի աշխատի  իրականացնել Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա համագործակցութիւն տարածաշրջանին մէջ:

Համահունչ խօսքեր կ՛ըսէ նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգերու առաջադրուող նոր դեսպանը, թէ իր երկիրը կը փնտռէ երկկողմ եւ բազմակողմ ուղիներ` օգնելու կողմերուն հասնելու խաղաղ, տեւական, կարգաւորումի` հիմնուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի սկզբունքներուն վրայ: Բազմակողմը նաեւ Մոսկուա կ՛ենթադրէ իսկ ԵԱՀԿ-ին յղում կատարելը` Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան կարելիութիւն:

Հակասական երեւոյթներ կ՛արձանագրուին: Անգարան կը խօսի Երեւանի հետ յարաբերութիւններու դրական եւ գործնական փուլի մասին, Պայրամովը կը դժգոհի հայկական կողմի դիրքորոշումներէն եւ Պաքուն կը շարունակէ կրակել: Պաշտօնական Ուաշինկթընի ներկայացուցիչները կ՛ակնարկեն Երեւանի հետ խորքային բանակցութիւններու մասին եւ յետքայլ կ՛ընեն Ազրպէյճանի հանդէպ իրենց բարձրացուցած հարցերէն: Պրիւքսելի հանդիպումը չեղեալ կը նկատուի, սակայն նոր փորձեր կ՛երեւին զայն  վերագործարկելու: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահական ձեւաչափը կ՛անդամալուծուի, սակայն յղումներ կը կատարուին անոր բանակցութիւններու իբրեւ հիմք նկատի ունենալու. զուգահեռ կ՛ընթանան միջնորդական նոր ձեւաչափեր ձեւաւորելու մրցապայքարներ: ՀԱՊԿ-ը քաղաքական գնահատական չի տար, բայց կ՛առաջարկէ օժանդակութիւններու թղթածրար, որուն ամենակարեւոր առանցքը Հայաստան -Ազրպէյճան սահմանին առաքելութիւններ ուղարկելն է: Միջնորդականին առընթեր կը սկսի այս ձեւով Հայաստան- Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ առաքելութիւններու հակամարտութիւն: Այս բոլորը կը խօսին Հարաւային Կովկասի մէջ ներթափանցման եւ ներգրաւման աշխարահաքաղաքական մրցակցութիւններու մասին. անոնք կրնան զսպիչ դեր ունենալ Պաքուի ցուցաբերած շտապողականութեան դէմ: Ազրպէյճանը իր ճշդած խնդիրները չի յաջողիր լուծել իր պատկերացուցած ժամանակահատուածին մէջ. այդ պատճառով ալ կը կրակէ:

«Ա.»