ԱՀԱԸ-ի (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչկան Ընկերակցութիւն) պաշտօնական էջէն իմացանք, որ Վեր. Յարութ Խաչատրեան կը դիմագրաւէ ծանր անհանգստութիւն մը։ Յիշեցնենք, որ ան Լոս Անճըլըս, Քալիֆորնիոյ Միացեալ Հայ Միաբանութեան Եկեղեցւոյ հովիւն է։ «Արեւելք»-ի ընտանիքը իր կարգին կը միանայ առ Աստուած բարձրացուած աղօթքներուն եւ կը մաղթէ, որ ան կարճ ժամանակի մէջ յաղթահարէ այս մարտահրաւէրը։
ԱՀԱԸ-ի Ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջը կը գրէ հետեւեալը.
«ԱՀԱԸ-ի յարգելի անդամներ եւ ընկերներ, կը խնդրենք, որ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշէք Լոս Անճըլըս, Քալիֆորնիոյ Միացեալ Հայ Միաբանութեան Եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Յարութ Խաչատրեանն ու անոր ընտանիքը, քանի որ ան կը գտնուի կեանքի դժուար մարտահրաւէրի մը դիմաց:
Եթէ դուք 18-50 տարեկան էք, ընդհանուր լաւ առողջութիւն ունիք եւ կ՚ապրիք Լոս Անճըլըսի մեծ տարածքին մէջ, կը խնդրենք, որ միանաք եւ գրանցուիք՝ վերապատուելի Յարութին ցօղունային բջիջ նուիրելու վսեմ պարտականութեան»: