ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը՝ ԵՈՒՆԻՍԵՖ մտահոգութիւն յայտնած է Աֆղանիստանի մէջ մանկական ամուսնութիւններու թիւի աճի պատճառով: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ Հենրիեթա Ֆորը:
«Ես խորապէս մտահոգուած եմ առ այն, որ մանկական ամուսնութիւններու թիւը Աֆղանիստանի մէջ կ'աճի…Մենք հաւաստի տեղեկութիւններ ստացած ենք ընտանիքներու մասին, որոնք իրենց 20 օրական աղջիկները կ'առաջարկեն հետագայ ամուսնութեան համար՝ օժիտի դիմաց», յայտնած է Ֆորը:
Ինչպէս ԵՈՒՆԻՍԵՖ կը յայտնէ, Աֆղանիստանի մէջ տարածուած վաղ ամուսնութիւնները կրնան յանգեցնել ընտանեկան բռնութեան եւ կանանց նկատմամբ խտրականութեան աճին, ինչ որ կրնայ յանգեցնել հոգեբանական խնդիրներու: Կազմակերպութեան տուեալներով՝ 15-49 տարեկան աֆղան կանանց 28 տոկոսը ամուսնացած է մինչեւ 18 տարեկան դառնալը:
Մանկական ամուսնութիւնները երկրին մէջ շատցած են յատկապէս վերջին ամիսներուն՝ «Թալեպան» ծայրայեղական շարժման իշխանութեան գալէն ետք, երբ մարդոց կենսամակարդակը ա՛լ աւելի նուազած է: Ընտանիքներէն շատերը չեն կրնար օրուայ ապրուստը վաստակել: