image

«Aeroflot»ի ուղեւորները անցած են «Թրքական դժոխք»էն. Անոնք պատմած են այդ մասին

«Aeroflot»ի  ուղեւորները  անցած են «Թրքական դժոխք»էն. Անոնք  պատմած են այդ մասին

«Aeroflot»ի մօտ 500 ուղեւոր, որոնք մինչ այդ չէին կրնար թռչիլ Սթամպուլէն եղանակային պայմաններու պատճառով, վերադարձած են Մոսկուա: Այս մասին տեղեկացուցած է օդանաւային ընկերութեան մամուլի ծառայութիւնը:

«Անցեալ գիշեր «Aeroflot»ի երկու թռիչքով օդանաւային ընկերութեան բոլոր ուղեւորները, որոնք չէին կրնար թռչիլ Սթամպուլէն ուժեղ ձիւնի պատճառով, վերադարձած են Մոսկուա: Մօտ 500 մարդ», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Բայց մինչ բարեյաջող թռիչքները` երկու օր ռուսաստանցի զբօսաշրջիկները անցած են Սթամպուլի օդակայանի դժոխքի բոլոր 9 պարունակներով: Եօթը ժամ ուղեւորները չեն կրցած դուրս գալ օդանաւէն. Սթամպուլի օդակայանին մէջ աստիճան չեն տուած: Եւ սա մէկն է փորձութիւններու շարքին մէջ:

Ոմանք ստիպուած էին քնանալ գետինը` տակը հագուստ փռելով, գլխուն տակ պայուսակ դնելով: Ճաշարաններէն, խանութներէն եւ սպասարկման սարքերէն ուղեւորները արդէն գն'ածլ էին ամբողջ ջուրն ու ուտելիքը: Ուղեւորներէն մէկը կը պատմէ, որ Սթամպուլի օդակայանի աշխատակիցներէն որեւէ օգնութիւն, նոյնիսկ բժշկական, չէ եղած: «Սարսափելի գլխացաւ ունեցայ, գացի բուժկէտ, խնդրեցի պարզապէս ճնշումս չափել, ըսին` վճարովի է, 12 լիրա, այդ մօտաւորապէս 70 ռուպլի է: Ըսի` կատա՞կ կ'ընէք: Ըսին` ոչ», պատմած է ան:

«Ոչ մէկ պայման տրամադրեցին: Օդակայանին մէջ շատ ցուրտ էր, մեզի նոյնիսկ ծածկոցներ չտուին», պատմած է այլ ուղեւոր մը: