Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսէ իրականացնել զինեալներու տեղափոխում Ռուսիա եւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներ՝ դիւանագէտներու, պետական ծառայողներու, անվտանգութեան աշխատակիցներու եւ զինուորականներու դէմ ահաբեկչութիւններ իրականացնելու համար։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը։
«Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ստացած հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու զինուորականները աշխուժօրէն զինեալներ կը հաւաքագրեն «Իսլամական պետութեան» եւ «Ալ Քաիտա»-ի հետ կապուած ջիհատական խմբաւորումներէն՝ Ռուսիոյ եւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու մէջ ահաբեկչութիւններ իրականացնելու համար։
Առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի Ռուսիոյ Հիւսիսային Կովկասէն եւ Կեդրոնական Ասիայէն եկած անձանց համագործակցութեան ներգրաւման»,- ըսուած է Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան յայտարարութեան մէջ, որ կը մէջբերէ ՌԻԱ «Նովոստի»-ն։
Ծառայութեան տուեալներով՝ յունուարին այդ նպատակով ընդհանուր առմամբ ընտրուած է 60 զինեալ, որոնք կը վերապատրաստուին Սուրիոյ Հոմս նահանգի մէջ գտնուող միջազգային դաշինքի Ալ-Թանֆ ռազմակայանին մէջ։ Անոնք բոլորն ալ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութիւններու մարտական փորձ ունին։ Ահաբեկիչներուն կը սորվեցնեն ինքնաշէն պայթուցիկ սարքեր պատրաստելու եւ օգտագործելու հմտութիւններ եւ ներթափանցման գործողութիւններու մեթոտներ: Անոնց նաեւ կը սորվեցնեն յարձակումներ ծրագրել պաշտպանուած կառոյցներու, այդ շարքին՝ օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու վրայ, ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը: