image
Հրատապ լուրեր:

5,7 Ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը ցնցած է Պաքուն

5,7 Ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը ցնցած է Պաքուն

Ատրպէյճանի մէջ 5,4 ուժգնութեամբ երկրաշարժ գրանցուած է։ Այս մասին 3 յուլիսին յայտնած է Եւրոպական-միջերկրածովեան երկրաշարժագիտական կեդրոնը (EMSC):

Պաքուի մէջ ուժգին ցնցումներ զգացուած են: Տեղական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ քաղաքի բնակիչները սկսած են լքել իրենց տուները։

APA գործակալութիւնը, վկայակոչելով հանրապետական ​​երկրաշարժագիական ծառայութիւնը, յայտնած է, որ Կասպից ծովուն մէջ 5,7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է, ցնցումները զգացուած են ինչպէս Պաքուի մէջ, այնպէս ալ Ատրպէյճանի այլ շրջաններու մէջ։

Տաղստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տուեալներով՝ հանրապետութեան բնակիչները երկրաշարժ զգացած են, որ տեղի ունեցած է Տերպենթէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ուժգնութիւնը 5,9 է։