Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին,մօտ 250.000 Սուրիացի փոքրիկներ Թուրքիոյ մէջ գրանցուած են, որպէս աշակերտներ պետական դպրոցներու մէջ ուսում ստանալու համար:Ըստ կրթական նախարարութեան տեղակալ նախարար Եուսուֆ Պէյուքի, «Մօտ 50.000 փոքրիկներ ուսում կը ստանան մեր դպրոցներուն մէջ, մենք աստիճանաբար կը բարձրացնենք այս թիւը»: «Թուրքիոյ մէջ սուրիացի բոլոր փոքրիկներու ուսմումնառութեան հարցը մարտահրաւէր կը մնայ», ըսած է Պէյուք նշելով, թէ «Թուրքիոյ մէջ գտնուող 2.2 միլիոն սուրիացի գաղթականները մօտ 650.000 ուսման տարիքի փոքրիկներ ունին, սա կը նշանակէ թէ 390.000 սուրիացի փոքրիկներ դպրոցներէ դուրս կը մնան»:Պէյուք նաեւ վարած է գնահատման հանդիպում մը նուիրուած Ատանայի գործունէութեան ծրագրին, որ իրականացուեցաւ Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան եւ Մանուկներու միջազգային հաստատութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն կողմէ:Այս ծրագիրը կ'իրականացուի Թուրքիոյ զանազան նահանգներուն մէջ, ներառեալ Ատանան,Կէզիայնթապը, Հաթայը, Գահրամանմարաշը, Քիլիսը, Մարտինը, Մերսինը, Ոսմանիէն, Շանլիուրֆան, ուր մեծ է սուրիացի գաղթականներուն բնակչութեան թիւը: Ըստ ծրագրին սուրիացի կամաւոր ուսուցիչներ պիտի վերապատրաստուին, ուսումնական նիւթեր պիտի բաժնուին սուրիացի փոքրիկներուն եւ նոր ուսման կեդրոններ պիտի կառուցուին, նաեւ գործող դպրոցներ պիտի վերակառուցուին եւ կազմակերպուին սուրիացի աշակերտներուն ծառայելու:Հաթայ Րէյհալի շրջանին մէջ, դպրոց մը սքայբի միջոցով ուսում առաջարկած է գաղթականներու փոքրիկներուն, Ամերիկեան NPR րատիո-հաղորդում մը ներկայացուց դպրոցը, որ գոյատ համար շնորհակալութիւններ կ'ուղղէր Գանատայի եւ Ամերիկայի նուիրատուութեանց, որպէս յաջողակ պատմութիւն իր վերջին հաղորդումներէն մէկուն մէջ: Ընկերային լրատուողական գետնի վրայ UNCEF եւս իր տնօրիպած դպրոցը նկարագրեց, որպէս հազուագիւտ հաստատութիւններէն մին, որ սուրիացի գաղթական փոքրիկներուն ուսում կ'առաջարկէ: Սուրիացի դեղագործ, ներկայիս Մոնթրէալի մէջ բնակութիւն հաստատած 63-ամեայ Հազար Էլ Մահայնի, դպրոցին հիմնադիրն է:Սուրիոյ եւ Իրաքի շատ մը մասերուն մէջ տեղի ունեցող պատերազմները, 14 միլիոն փոքրիկներու վրայ ազդեցութիւն ունեցան, ըստ Մանուկներու Միջազգային հիմնարկի տեղեկագրին, հրատարակուած Մարտ 2015-ին: Աւելի քան մէկ միլիոն փոքրիկներ ապաստան գտած են Թուրքիոյ, եւ այլ մէկ միլիոն մը Լիբանան եւ Յորդանան: Կազմակերպութիւնը կ'ըսէ թէ 2.6 միլիոն սուրիացի փոքրիկներ կը մնան առանց ուսման Սուրիոյ մէջ, որպէս արդիւնք չորս ու կէս տարիներէ ընթացող պատերազմին:Թուրքիան Մարտ 2011-էն, պատերազմի սկիզբէն ընդունած է սուրիացիները, մօտ երկու միլիոն ժողովուրդ, ատիճանաբար ձեւաւորուող պաշտպանութեան կանոնագրիներու ներքեւ, որ կը տրամադրէ անսահմանափակ կեցութիւն, բժշկական առողջապահական հասանելիութիւն եւ պաշտպանութիւն ընդդէմ բռնի վերադարձի: