Իրանական առեւտուրի աջակցութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ Հայաստանը յայտարարած է 2250 թրքական ապրանքներ իրանականով փոխարինելու մասին, կը յայտնէ Mehr-ը:
«Թրքական պատժամիջոցներու կապակցութեամբ Հայաստանը մտադիր է իրանական ապրանքներով փոխարինել Թուրքիայէն ներմուծուող 2 250 ապրանքներ»,- ըսած է իրանցի պաշտօնեան:
Ան նշած է, որ ասիկա իրանցի արտադրողներու համար լաւ հնարաւորութիւն է:
Պաշտօնեային խօսքով՝ Հայաստանի յաջորդ քայլը կը դառնայ նաեւ Իրանէն իրեն անհրաժեշտ հումքի մատակարարումը: