image

2023-ը Էրտողանի համար ջրբաժա՞ն

2023-ը Էրտողանի համար ջրբաժա՞ն

Վերջերս տեսանք,  որ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը կը դիմագրաւէ զանազան մարտահրաւէրներ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներուն վրայ:

Ներքին ճակատին վրայ, վերջին 11 տարիներու ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով սղաճը 2009-ի 6,25%-էն բարձրացաւ մինչեւ 12%-ի (2020-ին). ան կրնայ նոյնը մնալ նոյնիսկ այս տարի՝ 2021-ին, ըստ վիճակագրական “statista” ընկերութեան: 20 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով անգործութիւնը նշանակելի տոկոսներով բարձրացաւ. 2000 թուականին ան, ըլլալով միայն 6,5%, այս տարի հասաւ 13,49 %-ի: Համախառն ներքին արդիւնքը (GDP) վերջին 20 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով իջաւ -11,00 %-ի : Թուրքիոյ արտաքին պարտքը ըստ hամախառն ներքին արդիւնքին՝ 1970-ի 16,15%-էն բարձրացաւ 2019-ին՝ 58,0%-ի, որ ըստ “trading economics” կայքէջին՝ այս տարի կրնայ աւելի բարձրանալ: Ըստ 2020-ի Ամերիկեան “ Freedom House” ոչ-կառավարական կազմակերութեան ուսումնասիրութեան՝ Թուրքիան կը նկատուի ոչ-ազատ երկիր: Ըստ միջազգային ոչ կառավարական «Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան 2020-ի ուսումնասիրութեան՝ 180 պետութիւններէն ամէնէն ազատ երկիրները՝ լրագրութեան ազատութեան գծով ցանկին մէջ Թուրքիան գրաւեց  154-րդ տեղը:

Արտաքին ճակատի վրայ Թուրքիա կը գտնուի հակամարտութեան մէջ մէկէ աւելի պետութեանց հետ, Միջին Արեւելքէն մինչեւ հիւսիսային Ափրիկէ: Անգարա 1992-էն ի վեր արդէն իսկ ռազմականօրէն կը միջամտէր Իրաքի սահմանները ՔԱԿ-ի (Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն) դէմ պատերազմելու պատրուակով, 2019-ին վերանորոգեց իր ռազմական միջամտութիւնը «ճանկ գործողութեամբ», նոյն նախկին միջամտութիւններու պատրուակներով: 2016-էն սկսեալ Թուրքիան ուղղակի ռազմականօրէն կը ներխուժէ Սուրիա՝ «Եփրատի վահան» գործողութեան անուան տակ, իսկ ատկէ ետք չորս ռազմական գործողութիւններ կատարեց տարբեր անուններու տակ: 2017-ին, Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտական ճգնաժամի ընթացքին, Թուրքիոյ բացայայտ եւ պաշտօնական կողմնակցութիւնը Քաթարին՝ բացասական ազդեցութիւն ձգեց Սէուտական-թրքական յարաբերութեան վրայ: Սէուտական-թրքական յարաբերութիւններու վատանալը իր ակնյայտ ազդեցութիւնը ունեցաւ Արաբական ծոցի՝ Սէուտական Արաբիոյ դաշնակից պետութիւններուն եւ Թուրքիոյ միջեւ. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Թրքական յարաբերութիւնները մեծագոյն ազդուողները եղան այդ իրավիճակէն, որուն հետեւանքով ալ ԱՄԷ-ն աջակցութիւն ցուցաբերեց Սուրիոյ Հիւսիսի քիւրտերուն։ Այդ բոլորէն ետք ԱՄԷ-ն խաղաղութեան համաձայնագիր կնքեց Իսրայէլին հետ, որ մեծ քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ Անգարայի կողմէ։

Բաց աստի Անգարա նեցուկ կանգնեցաւ՝ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայէզ Սարրաժին: Միւս կողմէ,  խախտելով Կիպրոսի ազգային գերիշխանութիւնը, Անգարա յամառօրէն շարունակեց  անոր ծովային սահմաններէն ներս կազի  հորատման աշխատանքները եւ աւելի հեռուն երթալով՝ մարտանաւեր ուղարկեց Յունաստանի կղզիներուն մօտ։

Թէ՛ ներքին ճակատի վրայ՝ ընկերային-տնտեսական կեանքի վատանալը եւ քաղաքացիներու ազատութիւններու ու իրաւունքներու ոտնակոխումները եւ թէ՛ արտաքին՝ նոր-օսմանական ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնները պատճառ դարձան որ Էրտողանի եւ իր կուսակցութեան՝ («Արդարութիւն եւ զարգացում») ժողովրդականութիւնը նուազի հարցախոյզերուն մէջ: Կրօնամէտ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը, որ յաջողութիւն արձանագրած էր 2002-էն ի վեր տեղի ունեցած խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին, այսօր Էրտողանի արձանագրած թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ձախողութիւններու պատճառաւ կրած է մեծ  անկում: Էրտողան 24 Յունիս 2018-ի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին հաւաքեց  քուէներու 52,6%-ը, իսկ  անցեալ տարուան  տուեալներով եւ ըստ «Artibir» հետազօտական կեդրոնին՝  Էրտողանի ժողովրդականութիւնը հասած է 40,1%-ի: Էրտողանի կուսակցութիւնը, իր հիմնադրութիւնէն ի վեր (2001) ցայսօր շահած է խորհրդարանական, նախագահական եւ տեղական ընտրութիւնները, իսկ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որ տեղի ունեցան 24 յունիս 2018-ին, ան շահեցաւ քուէարկութեան 42,6%-ը:

Իր ժողովրդականութիւնը փրկելու նպատակով Էրտողան դիմեց այն միջոցին, որուն կը դիմէ ամէն մենատէր,– ամբոխավարութեան: Տեսնելով, որ արեւմտեան աշխարհին մէջ վերելքի մէջ է աջակողմեան ամբոխավար հոսանքը, ան փորձեց անոնց նոյն ռազմավարութիւններն ու քաղաքականութիւնները կիրարկել: Ան յաջողեցաւ պսակել իր նոր-օսմանական ժառանգութիւնը ամբոխավարութեամբ՝ վասն ժողովրդականութեան բարձրացման:

Իր ամբոխավարութեան ոճը կը բխի նոր-օսմանական ծաւալապաշտ ախորժակներէն՝ անոր աւելցնելով անշուշտ ազգայնամոլ հռետորաբանութիւնը, Թուրքիոյ բնակչութեան մէջ զարգացնելու յոյներու եւ Յունաստանի նկատմամբ ատելութիւնը:
 

Այնուհետեւ լսելի սկսան դառնալ ՝«Թուրքիան ունի այդ ուժը՝ հեռու նետելու այն քարտէսները, որոնք պարտադրուած են ուրիշներու կողմէն», «Ամէն ոք պէտք է տեսնէ, որ Թուրքիան այն երկիրը չէ, որուն համբերութիւնը պիտի փորձուի, որուն ձգտումները, կարելիութիւնները եւ քաջութիւնը կը փորձուին. եթէ մենք ըսենք բան մը պիտի ընենք, պիտի ընե՛նք եւ հաշիւը վճարենք», «Թուրք ազգին իրաւունքները Ս. Սոֆիա մզկիթին մէջ աւելի պակաս չեն, քան անոր կառուցողներու իրաւունքները 1500 տարի առաջ»,  այս եւ այլ էրտողանեան հռետորաբանական խօսքեր, որոնք կը միտին միայն բարձրացնել «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ անոր դաշնակից «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւններու ժողովրդականութիւնը՝ հեռու պահելով թուրք ամբոխին ուշադրութենէն երկրի ընկերային-տնտեսական խնդիրները եւ զանոնք զբաղեցնելով հակայունական ճառախօսութիւններով:

Պատմական դէպքերու յիշատակները ոսկիէ առիթ ընծայեցին Էրտողանին, մանաւանդ ներկայ ժամանակաշրջանի ընթացքին, երբ յունական-թրքական յարաբերութիւնները սրած են, առաջնորդելու իր թշնամութիւն սերմանող հռետորաբանութիւնները յոյներու հանդէպ: 18 օգոստոս 1974-ին Կիպրոսի գրաւումը, 6–7 սեպտեմբերի Պոլսոյ ջարդերը, 4–11 սեպտեմբեր 1919-ի Սեբաստիոյ համաժողովը եւ 13–17 սեպտեմբեր 1922-ի Զմիւռնիոյ կոտորածը՝ այս բոլորը առիթ  ընծայեցին Էրտողանին կրակելու իր վերջին փամփուշտը՝ յանուն ժողովրդականութեան փրկութեան:

Ինչպէս տեսանք,  «Արաբական գարնան» Միջին Արեւելքի շրջանի միւս երկիրներու բռնատիրական իշխանութիւններու կողմէն որդեգրուած դաւադրական տեսութեան փուչիկներու պայթումը՝ ժողովրդային «հաց, ազատութիւն, ընկերային արդարութիւն» կոչերուն դիմաց, նոյն երեւոյթը սպասելի է տեսնել (եթէ Էրտողան շարունակէ նոյն ռազմավարութիւնը) 2023-ին Թուրքիոյ  մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն (խորհրդարանական եւ նախագահական), եւ շատ հաւանական է, որ պատմական դէպքի մը հարիւրամեակը՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրութիւնը,  կրնայ տօնակատարուիլ ամբոխավար մենատէրին պարտութեամբ:

Նաթան Պետրոսեան 

 

 


 

Նաթան Պետրոսեան.

Նաթան Պետրոսեան.

Նաթան Պետրոսեան. Ծնած եմ Պաղտատ, Իրաք`24.8.19...