image

16 Բուժառու Արցախէն դէպի Հայաստան

16 Բուժառու Արցախէն դէպի Հայաստան

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակուելու պատճառով ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն (ՓԲԸ) ուռուցքային եւ սիրտ-անօթային համակարգի ծանր հիւանդութիւններով, ինչպէս նաեւ շտապ վիրահատական միջամտութիւններ պահանջող ախտաբանութեամբ 16 անձ այսօր՝ 10 մարտին, «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած է ՀՀ մասնագիտացած բժշկական կեդրոններ։ Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն։

13 բուժառուներ, որոնք պետական պատուէրի ծիրին մէջ ուղեգրուած են ՀՀ բուժում ստանալու համար, ուղեկցողներու հետ վերադարձած են Արցախ։

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։

«Արեւիկ» բժշկական միաւորումին մէջ 2 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունք:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-ի մէջ 8 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։

Մինչ այսօր «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր 169 հիւանդ: