Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ցուցարարները յայտարարած են, որ ԱՄՆ նախագահ Թրամբի տեղակալ Մայք Փենսի այցելութիւնը ողջունելի չէ, որովհետեւ այն յաջորդած է Թրամբի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարուելուն:
«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, մօտ 70 անձ հաւաքուած է Ամմանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան դիմաց, ընդվզելով ԱՄՆ նախագահի տեղակալի յառաջիկայ այցին դէմ: Ցուցարարները պաստառներ բարձրացուցած են, որոնց վրայ գրուած է. «Երուսաղէմը Պաղեստինի յաւերժական մայրաքաղաքն է», «Ո'չ Ամմանի մէջ ԱՄՆ նախագահի տեղակալն ընդունելուն»: