image

«WhatsApp-ի յեղափոխութեան» 5-րդ օր. Ցուցարաները կը շարունակեն մնալ անդրդուելի

«WhatsApp-ի յեղափոխութեան»  5-րդ օր. Ցուցարաները  կը շարունակեն մնալ անդրդուելի

Լիբանանի մէջ ծայր առած  «WhatsApp-ի Յեղափոխութիւն»ը  այսօր  թեւակոխեց իր  5-րդ  օրը։ 

Երէկ   ամբողջ օրը, ցուցարարները մեծ  թիւերով   ներկայացան երկրի մեծագոյն քաղաքներու կեդրոնական  հրապարակները։ 

Մինչ կառավարական   շրջանակներ, ոգի   ի բռին   կ՚աշխատէին     իր վերջնական  պատկերին  բերել Վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ  քաղաքական  այլ   կողմերու տնտեսական բարեփոխումներու առաջարկը, ցուցարարները կը մնային անդրդուելի   եւ կը   պահանջէին   գործող կառավարութեան   ու անոր վարչապետին     շտապ  հրաժարականը։ 

Ցուցարարներու      ջախջախիչ  մեծամասնութիւնը եկած էր այն եզրակացութեան, որ այսօր   երկրին մէջ առկայ քաղաքական  վերնախաւն ամբողջութեամբ  պէտք է «տուն երթայ»  եւ  անոնց պէտք է փոխարինէ   «ազգային  փրկութեան»  թէքնոքրաթ  կառավարութիւն մը։ 

Մինչ    կառավարութեան մօտիկ   աղբիւրներ  իրենց   գրաւը կը դնեն    բնութենական պայմաններուն եւ ցուցարարներու յոգնութեան  վրայ, անդին    ցուցարարները  վճռած են   տոկալ եւ  մինչեւ վերջ  տանիլ իրենց  ծրագիրը։ 

Անոնց պահանջը,  մէկն է`  գործող կառավարութեան եւ   վարչապետին  հրաժարականը։

Նշենք, որ  այս   պահերուն  Պաապտայի նախագահական  պալատին մէջ    «Նախարարաց  խորհուրդ»ը   արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ   քննելու  համար երկրի  ընդհանուր  իրավիճակը,  եւ ժողովէն ետք շատ հաւանական է, որ վարչապետ  Հարիրի  հանդէս գայ   յայտարարութեամբ։