Քրեմլին յայտարարած է, որ Ասատի Սոչի կատարած այցին նպատակը Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ իրականացուած քայլերուն իր համաձայնութիւնը տալն էր:
Նշենք, որ ռուսական պաշտօնական հեռուստակայանը սփռած է Փութինի եւ Ասատի անակնկալ հանդիպումը, Սոչիի մէջ, Սեւ ծովու ափին:
Յիշեցնենք նաեւ, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր այս երկրորդ անգամ է, որ Ասատ Սուրիայէն դուրս գալով Ռուսիա կը մեկնի, եւ այս անգամ իր հետ որպէս ուղեկից ունեցած է միայն իր անձնական թարգմանիչը, եւ ոչ մէկ քաղաքական կամ զինուորական գործիչ չէ միացած անոր: