image

Ուաշինկթըն մտադիր է «ծաւալել» Կուանթանամոն

Ուաշինկթըն մտադիր է «ծաւալել» Կուանթանամոն

Ամերիկեան գոնկրէսի նիւթական յատկացումներու յանձնաժողովը, այսօր՝ 13 յունիսին, 115 միլիոն տոլարի պիւտճէ յարկացնելու որոշում կայացուցած է, որ պիտի տրամադրուի Կուանթանամոնի բանտէն ներս ամերիկացի զինուորներուն մնայուն կեցութիւնը ապահովելու համար շէնքեր կառուցելու գործին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը, նշելով, որ այս որոշումը առնուած է նախագահ Թրամբի վարչակազմին ներկայացուցած պահանջին համաձայն:

Տեղին է յիշեցնել, որ այստեղ կեցութիւն հաստատած զինուորականներուն թիւը կը հասնի 580-ի, որոնք կ՛ապրին շատ տխուր պայմաններով հանրակցրաններու մէջ: Նշենք նաեւ, որ նախագահ Թրամբ իր ընտրապայքարի օրերուն յայտնած էր, որ նպատակ ունի այս կեդրոնը ոչ միայն պահել, այլեւ չարերով լեցնել: