Վերջերս ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը սպառնացած էր պատասխան հարուած հասցնել սուրիական ուժերուն, եթէ վերջիններս փորձեն յարձակում գործել ԱՄՆ-ի հովանաւորութիւնը վայելով զինեալ խմբաւորումներուն դէմ:
«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, ռուս ռազմագէտ Ալեքսանտր Ճիլէնի կարծիքով, ԱՄՆ-ի սպառնալիքները տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն ստեղծելու նպատակ կը հետապնդեն, նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ ճգնաժամին քաղաքական լուծում տալը պիտի դիտուի որպէս Արեւմուտքի պարտութիւն:
Ռազմագէտին կարծիքով, Ռուսիա պարտաւոր է մինչեւ վերջ անդրդուելի մնալ, նկատի ունենալով, որ անհնար է ԱՄՆ-ի հետ համաձայնութեան գալ, որովհետեւ վերջինս ոչ վստահելի խաղացող կը համարուի: