Ժողովուրդներու Ժողովրդավար Կուսակցութեան (HDP) առաջնորդ Սալահէտին Տէմիրթաշ անցնող օրերուն իր արտասանած պատգամներու ճամբով շատ կարեւոր «ժեստ»եր կատարեց Թուրքիա բնակող հայութեան համար: Տէմիրթաշ դրուատելով թուրք- քիւրտ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը եւ իր խօսքը թուրք հանրութեան ուղղելով ըսաւ, թէ իրենք եւ թուրքերը միշտ միասին կռուած են յանուն Թուրքիոյ հանրապետութեան: Նոյնանման դիտարկումով հանդէս եկաւ նաեւ HDP-ի ղեկավարներէն Ֆիկէն Եուքսէքտաղ, որուն խօսքով Թուրքիոյ «արիւնը» խորհրդանշող կարմիր դրօշին բաղկացուցիչ տարրերը երկրին համար «հոսած» թուրքերու եւ քիւրտերու արիւնն են:HDP-ի ղեկավարներուն խօսքերուն մէջ կարեւոր ճիգ կայ երկրի փոքրամասնութիւնները, որոնց կարգին հայերը «հակամարտութիւն»էն դուրս հանելու համար:Այսինքն անոնք բառացիօրէն կը դիտարկեն, թէ այս հակամարտութեան մէջ ոչ յոյները, ոչ ասորիները, ոչ գաղթէացիները եւ մասնաւորապէս ոչ ալ հայերը կան: Այլ խօսքով անոնք թուրքերուն կը յուշեն, որ գետնի վրայ կռիւ տուող ուժը իրենք են եւ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ թուրք ազգայնականներ հեռու մնան հայերու կամ այլ փոքրամասնական համայնքներու հետ շփման կէտեր ստեղծելէ: Այս տուելաներէն մեկնելով պէտք է ըմբռնել, որ HDP կուսակցութիւնը այսօր Թուրքիոյ տարածքին կարեւոր առաքելութիւն ստանձնած ուժերէն մէկն է չըսելու համար կարեւորագոյնը: Ճիշդ է, որ հայկական թաղամասերուն մէջ որոշ լարուածութիւն մը, անհանգստութիւն մը կայ, բայց Տէմիրթաշի ու իր նմաններուն մօտեցումներն ու օրակարգի սեղան պատրաստողներուն խօսքը կարեւոր հնչեղութիւն պիտի ունենայ:
«Այդքան յուսահատ չեմ, որ քաղաքական ասպարէզը թողնելով լեռները բարձրանամ ու հրացան վերցնեմ» այս խօսքերուն հեղինակը Սալէհէտին Տէմիրթաշը, նաեւ հայոց համար եւ հայոց յանուն կարեւոր պատգամներ յղեց: Կարեւորը սակայն միայն իր պատգամները չեն, կարեւորը մեր վերաբերմունքն է:
Պոլսհայութիւնը անպայման պէտք է դուրս հանել վախի մթնոլորտէն:
Այդ գործը նաեւ մեր բոլորին պարտքն է: Ու այս առումով Տէմիրթաշի բաւական արմատական դիտարկումները իրենց բարերար դերը պիտի ունենան ու նպաստեն Թուրքիա բնակող մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան գօտեպնդման:
Սագօ Արեան