Ամերիկեան ուժեր օդային յարձակումներ գործած են Իրաքի «Հաշտ ալ շահպի» զօրամիաւորման երկու կարեւոր կեդրոններու վրայ։
Այս մասին լուրը հաղորդեց լրատուական գործակալութիւնը նշելով նաեւ, որ յարձակման հետեւանքով զոհուած են «Հաշտ ալ շապհի» զօրամիաւորման զինեալներ զոհուած են։
Ըստ «Ալ Արապիա» կայանին զոհուածներուն մէջ է նաեւ «Հաշտ ալ շահպի» զինուորական պատասխանատուներէն ՝ Ապու Ալի Խազհալին։
Կը նշուի նաեւ, որ գրոհը տեղի ունեցած Իրաք-Սուրիա սահմանային «Ալ անպար» շրջանին մէջ։
Իրաքի պաշտօնական մարմիններ խստիւ դատապարտած են եղածը նշելով, որ ԱՄՆ այս կերպ կ՚ոտնակոխէ Իրաքի գերիշախնութիւնը ու նաեւ այդ առումով առկայ միջազգային բոլոր համաձայնագրերը։