image

Վերջին Ժամ. Հրթիռներ Դամասկոսի վրայ

Վերջին Ժամ. Հրթիռներ   Դամասկոսի    վրայ

  Սուրիոյ մայրաքաղաք  Դամասկոսը  քիչ  առաջ   թատերաբեմ  դարձաւ  հրթիռարձակումներու։

 Այս  մասին   տեղեկութիւնը հաղորդեց «Սքայ  նիւզ  արապիք»  կայանը։

   Աղբիւրը նշեց, որ    հրթիռներ ինկած են    մասնաւորապէս  «Մազէէ»  շրջանին վրայ եւ սուրիական  բանակի հակօդային համակարգեր  պատասխան  կրակ   բացած են հրթիռներուն ուղղութեամբ։

 Նոյն  աղբիւրի   ունեցած տուեալներուն  համաձայն  հրթիռները  նետուած են    իսրայէլի կողմէն։

 

 Զոհերու կամ   գրանցուած  վնասներու մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր։