image

Վատիկանի մէջ Նարեկացիի արձանի տեղադրումը սպասուած իրադարձութիւն է. La Stampa-ի անդրադարձը

Վատիկանի մէջ Նարեկացիի արձանի տեղադրումը սպասուած իրադարձութիւն է. La Stampa-ի անդրադարձը

Իտալական հեղինակաւոր La Stampa պարբերականն անդրադարձած է Վատիկանի մէջ Գրիգոր Նարեկացիի 2 մեթրանոց պրոնզէ արձանի բացման, որ տեղի պիտի ունենայ 5 ապրիլին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, պարբերականը գրած է, որ արձանի բացման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ կաթոլիկ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը:

 

La Stampa-ը նշած է, որ բացման մասնակցելու նպատակով Վատիկան պիտի ժամանէ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ այդ օրն առաւօտեան ընդունելութեան պիտի արժանանայ Հռոմի պապի կողմէն: Աւելի ուշ, կաթոլիկ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդը պիտի ընդունի նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսին ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին:

Լրատուամիջոցն ընդգծած է, որ Վատիկանի սրտին մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի տեղադրումը Նախագահ Սարգսեանի ցանկութիւնն էր, որուն մասին ան բարձրաձայնած էր 2016 թուականի յունիսին, երբ Ֆրանչիսկոս պապը ժամանած էր Հայաստան՝ «առաջին քրիստոնեայ երկիր»: Այցի ժամանակ Հայաստանի ղեկավարը Հռոմի պապին նուիրած էր Նարեկացիի արձանի մանրակերտը՝ ի նշան երախտագիտութեան այն բանի, որ 2015 թուականին Գրիգոր Նարեկացիին շնորհուած էր Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետի կոչում:

La Stampa-ը գրած է նաեւ, որ ինչպէս ֆէյսպուքյան իր էջին յայտնած է Վատիկանի մէջ ՀՀ դեսպան Միքայէլ Մինասեանը՝ տեղադրուելիք արձանի հեղինակը նոյն ճարտարապետն է, որ հեղինակած էր Պապին նուիրուած մանրակերտը:

 Նշենք, որ Նարեկացիի արձանի հեղինակը՝ Դաւիթ Երեւանցին է: