«Վարուժան մերժող արուեստագէտ մը չէր, այլ` կառուցող, աւելցնող, կերտող էր: Ան շինարար արուեստագէտ էր»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Վիգէն Դարբինեան: Ֆրանսահայ երգիչը նշեց, որ Վարուժան Խտըշեանի հետ իր ունեցած փորձառութիւնը ոչ միայն թատրոնի, այլեւ արուեստի ըմբռնումները պահպանելու ուղեցոյց եղած են: Ըստ Դարբինեանի, Խտըշեանի բեմադրած «Մեծ վարպետ Սոլնէս» թատերական գործը պէտք է համարել բեմադրիչին ներկայացուցած ամէնէն հզօր գործերէն մին, ուր այդ գործով Վարուժան, իր կեանքն էր, որ կը ներկայացնէր բեմին վրայ»: «Վարուժան Խըտշեան բեմադրիչ ըլլալէ բացի դպրոց էր: Ան ինծի համար եղաւ ուսուցիչ եւ ընկեր»,- յաւելեց ան, նշելով, որ նախքան Ֆրանսա հաստատուիլը ինք թատրոնի ընդմէջէն մտերմացած է Խտըշեանին հետ եւ մեծ բեմադրիչին հետ իր անցուցած պահերը անգնահատելի են: «Ինծի համար Վարուժանին հետ թատրոն ընելը մանկութեան երազի պէս էր, որ տարիներուն հետ չհինցաւ եւ միշտ մնաց սպասուած երազ: Վարուժան այսօր ֆիզիքապէս մեզ հետ չէ, բայց անոր արժէքը եւ կատարած գործերը անմահ են»,- դիտել տուաւ Դարբինեան, որ նաեւ պատմեց այդ հանգրուանին մասին, երբ Խտըշեան, թողնելով Լոնտոնը, վերադարձաւ Պէյրութ եւ լծուեցաւ լիբանանահայ թատրոնը զարգացնելու առաքելութեան: «Շատեր զարմացան, թէ ինչպէս ան լքեց Լոնտոնը եւ հակառակ հոն ձեռք ձգած յաջողութիւններուն վերադարձաւ Պէյրութ»,- շարունակեց Դարբինեան յայտնելով նաեւ, որ Վարուժան իրեն այս թեմայով խօսողներուն կըսէր ՝ «Եթէ հոն մնայի օտարի մշակոյթին պիտի ծառայէի, իսկ ինչ որ այստեղ պիտի ընեմ մնայուն է»: Դարբինեան յայտնեց, թէ ինք որպէս դերասան մասնակցած է Խտըշեանի բեմադրած («Թատրոն 67» թատերական խումբին հետ) «Արեւելեան Ատամնաբոյժ», «Վենետիկի Վաճառական»ը, «Գիշեր մը դուրս» թատերակներուն մէջ, եւ անկէ ետք անձնական պատճառներով հեռացած է Լիբանանէն եւ հաստատուած Ֆրանսայի մէջ: Ան խօսեցաւ հայ մշակութային կեանքի ապրած տատանումներուն մասին եւ նկատել տուաւ, որ այսօր, հակառակ անհատական փոքր ճիգերու եւ փայլատակումներու, կը տիրէ ընդհանուր նահանջի եւ որակազրկման մթնոլորտ մը : Այս առումով ան ըսաւ. «Մեր մշակոյթը ուրիշը ծաղրել չէ եւ այսօր ոչ ոք գիտէ, թէ քանի-քանիներ, որոնք արուեստի ատաղձ ունին, կ'օտարանան եւ կը հեռանան իրենց արմատներէն»: Դարբինեան հարց տուաւ. «Ո՞վ ենք մենք, ի՞նչ կ'ընենք այսօր, ի՞նչ է մեր երգը, մեր բառը եւ մեր թատրոնը» մտահոգութիւն յայտնելով, որ մշակութային առումով նոյնպէս Հայաստան նահանջի մէջ է: Ան շեշտեց, որ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ սփիւռքի մշակութային մարմինները կոչուած են պահպանել եւ տէր ըլլալ տաղանդաւոր եւ խոստումնալից ուժերուն, եւ նոր սերունդին զգացնեն, որ իրենք անտէր չեն: Դարբինեան յիշատակեց, որ Վարուժան Խտըշեան, ինչպէս միշտ պիտի շարունակէ մնալ իր երգերուն եւ յիշողութեան մէջ, յոյս յայտնելով, որ լիբանանահայութիւնը լաւագոյնս կ'արժեւորէ Վարուժան Խտըշեանի կերտած ժառանգութիւնը եւ նոր սերունդները կը շարունակեն քալել մեծ վարպետին գծած ճանապարհով»:
