Ծոցի տագնապի լուծմը զինուորական պիտի չըլլայ: Այս մասին յայտնած է Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի նշելով, որ այդ տարբերակը վտանգաւոր է ամբողջ շրջանին համար, եւ դիւանագիտութիւնը լաւագոյն լուծումն է: Քաթար հասնող թրքական ուժերու վերաբերեալ Արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ անոնք ամբողջ շրջանի ապահովութեան համար են:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Քաթարի մէջ ամերիկեան ռազմակայանի առաքելութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չի նախատեսուիր, իսկ սննդեղէնի ապահովման վերաբերեալ նշած է, որ Իրան պատրաստ է սննդեղէն մատակարարել եւ իր նաւահանգիստներէն երեքը պիտի յատկացնէ Քաթարին: