image

Թուրքիոյ մէջ մայիսմէկեան երթին աւելի քան 300 մարդ ձերբակալուած է

Թուրքիոյ մէջ մայիսմէկեան երթին աւելի քան 300 մարդ ձերբակալուած է

Թուրքիոյ մէջ 1 մայիսին նշուող Աշխատանքի ու աշխատաւորի օրուայ առթիւ մայիսմէկեան երթի մասնակիցներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են, ինչի հետեւանքով բերման ենթարկուած է աւելի քան 300 մարդ:

Երկրի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պատճառաբանութեամբ Թաքսիմի հրապարակն ու շրջակայ մեծ պողոտաները փակ եղած են ու ցուցարարներու առջեւ:

Յիշեցնենք, որ 1977 թուականին մայիսմէկեան երթի ժամանակ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին մէջ տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքով մահացած էր 34 ցուցարար, որմէ ետք, մինչեւ 2010 թուականը, մայիսմէկեան երթը պաշտօնապէս արգիլուած էր։