image

Թուրքիան մտադիր է օդանաւակիր նաւ կառուցել. Էրտողան

Թուրքիան մտադիր է օդանաւակիր նաւ կառուցել. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողան մասնակցած է Պոլսոյ մէջ MILGEM ծրագիրին՝ թրքական արտադրութեան հետախուզական ռազմանաւը ջուր իջեցնելու արարողութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Akşam» թերթի կայքը, նշելով, որ այս առթիւ Էրտողան ըսած է. «Թուրքիան ռազմանաւեր նախագծող եւ կառուցող 10 երկիրներու շարքին է։ Մինչեւ 2023 թուականը Թուրքիան այլ երկիրներէ պաշտպանական արտադրանքի ներմուծման հարցով կախուածութիւն պէտք չէ ունենայ: Բոլոր ոլորտներէն ներս պիտի ունենանք սեփական ազգային նախագիծեր։ Աստուած յաջողութիւն տայ, օդանաւակիր նաւ ալ պիտի կառուցենք»։