Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը յայտնած է, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան մասնակցող ուժերը կարողացած են իրենց գոյութիւնն ամրապնդել Աֆրինի հետ սահմանային գիծի ամբողջ երկայնքով:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Սուրիոյ Ազատ բանակին օժանդակութիւն տրամադրող թրքական ուժերը երէկ Աֆրինի երկու գիւղեր նոյնպէս իրենց տիրապետութեան տակ վերցուցած են:
Աղբիւրին պնդմամբ, թրքական ուժերը կտրած են Աֆրինի քիւրտերու անմիջական կապը Թուրքիոյ սահմանային շրջաններուն հետ: