Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութիւնը աննախադէպ քայլի դիմած է, Հալէպի հիւսիսային շրջանի «Եփրատի Վահան» ուժերու տիրապետութեան տակ գտնուող դպրոցներուն համար թրքական վիճակացոյցներ պատրաստելով:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, «Եփրատի Վահան» ուժերու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններու բնակիչներու կարծիքով, նման քայլով Թուրքիա նպատակ ունի տարածաշրջանի սուրիացիները թրքացնել ոչ միայն ուսումնական ծրագիրներու միջոցով, այլեւ կեանքի միւս ոլորտներու մէջ ներթափանցելով:
Տեղական աղբիւրներու փոխանցմամբ, Թուրքիա առանց սուրիական իրաւասու մարմիններէն արտօնութիւն ստանալու դպրոցական վիճակացոյցներ տպած է, որոնց վրայ Թուրքիոյ եւ Ազատ բանակի դրօշակները պատկերուած են, բան մը, որ տեղի բնակչութեան զայրոյթն առաջացուցած է: