Թրքական մամուլը խոշորացոյցով կը հետեւի Հայաստան-Ռուսիա համագործակցութեան տարբեր ոլորտներուն: Անցնող օրերուն քիչ չէ թիւը այն հրապարակումներուն, որոնք լուսարձակի տակ կ'առնեն Մոսկուա- Երեւան յատկապէս զինուորական համագործակցութեան ոլորտը: Մեծաւ մասամբ սխալ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած այս հրապարկումներէն է թրքական «Ենի Ագիթ» կայքին մէջ օրերս հրապարակուած Թուրք պատմաբան Սավաշ Էղիլմէզի ստորագրութիւնը կրող նիւթը: Իր հակահայ կեցուածքներով ճանչցուած պատմաբանին նիւթը կը հրապարակենք մեծ վերապահութիւններով, նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելով «Արեւելք»ի ընթերցողները իրազեկել թրքական մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներուն կողմէ հերթական անգամ հրահրուող եւ ատելավառ մօտեցումներու վրայ հիմնուած ու անճիշդ տեղեկութիւններով յագեցած տեղեկութիւնները:
Այսպէս Աթաթիւրքի համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօս Սավաշ էղիլմէզ, որ «Ենի Ագիթ»ի կայքէջին վրայ կը խօսի Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի ղրկուած նոր զէնքերու մասին եւ խոր մտահոգութիւն կ'արտայայտէ այդ առումո: Մտահոգ պատմաբանը դիտել կու տայ, որ Հայաստան որ «բռնագրաւիչ» քաղաքականութիւն գործադրած է, հիմա Ռուսաստանի պաշտպանութեան կարիքը կը զգայ:
Սավաշ Էղիլմէզ նաեւ յիշեցնէ, թէ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, միութեան անդամ երկիրներու յանձնելի զէնքերու քանակին եւ Եւրոպայի կանոնական ուժերու համաձայնութեան տրամադրութիւններու համաձայն 15 մայիս 1992-ին Թաշքէնտի մէջ ստորագրուած էր համաձայնագիր մը, որու համաձայն Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին պիտի տրուէր 250 հրասայլ, 220 զրահապատ կառք, 285 թնդանօթ, 100 եւ 50 յարձակողական ուղղաթիռ: Միայն թէ Հայաստան չէր յարմարած այս սահմանափակումին եւ նոր զէնքեր առնել շարունակած էր գլխաւորաբար Ռուսաստանէն, նաեւ Ուքրանիայէն, Չինաստանէն, Պուլկարիայէն եւ քիչ մըն ալ Ղըրղըզստանէն:
Ըստ անոր Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները առաւել եւս զարգացած են ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տ. Պետրոսեանի շրջանին, երբ բազմաթիւ համաձայնագիրներ ստորագրուած են երկու երկիրներուն միջեւ: 1994-ին ստորագրուած համաձայնագրի մը համաձայն ալ Ռուսաստան Կիւմրիի եւ Երեւանի մէջ երկու զինուորական խարիսխ հաստատած էր: Հայաստան, որ արտօնած էր այդ խարիսխները հիմնուին, զանոնք իր ազգային անկախութեան գրաւականը եւ երաշխաւորողը կը նկատէ : Այս կերպով, ըստ Սավաշ Էղիլմէզի, Հայաստան իր ազգային անկախութիւնը ուրիշ պետութեան մը երաշխաւորութեան ձգելու տկարութիւնը ցուցաբերած էր: Հայաստան, այս համաձայնութիւններէն ետք ալ ամնիջապէս սպառնալիքներ ըրած էր Թուրքիոյ հասցէին:
Թուրք պատմաբանը նաեւկը յայտնէ, թէ Ռուսաստան Հայաստանի մէջ ունի 29 զինուորական պահականոցներ, 12-ը Կիւմրիի, 4-ը Ախուրեանի, 2-ը Արագածի, 1-ը Աշտարակի, 7-ը Երեւանի, եւ 2-ը Նուպարաշէնի մէջ: Ուշագրաւ կէտ մըն է այն, թէ այս պահականոցներուն 14-ը կը գտնուին Թուրքիոյ սահմաին շատ մօտիկ դիրքի վրայ: Այսինքն Թուրքիա-Հայաստան սահմանը կը պաշտպանուի Ռուսաստանի կողմէ: Հայաստանի «իբրեւ թէ» սահմանային պաշտպանութեան ուժերու մօտ կը գործեն 1500 ռուս սպաներ: Ստորագրուած համաձայնութիւններէն դուրս, Ռուսաստան տակաւին 1,5 միլիառ տոլար տարողութեամբ զէնք յանձնած է Հայաստանին, առանց փոխարէնը բան մը պահանջելու: Կարճ ժամանակ առաջ հաղորդագրուած էր, որ երկու պետութիւններու միջեւ զէնքի առեւտուր պիտի կատարուի: «Այս բոլորը պաշտօնապէս հրապարակուած են, տակաւին կան Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանին գաղտնաբար փոխանցուած զէնքերը» կ'ըսէ Սավաշ Էղիլմէզ:
Էղիլմէզի համաձայն, եթէ որեւէ դէպք պատահի, Հայաստան իր ուժերը անմիջապէս պիտի կարենայ քանի մը անգամ բազմապատկել այս համաձայնութիւններու գծով: Ռուսաստանի այս զինուորական ներկայութիւնը անոր կարելիութիւն կու տայ միջամտելու ո՛չ միայն Հայաստանէն ներս, այլ նաեւ կովկասեան շրջանի վրայ: