Թուրքիոյ իրաւասու մարմինները երէկ ձերբակալած են Մարմարայի բանտին մէջ բանտարկուած քրտական «PKK» շարժան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի քոյրերն ու եղբայրները:
Ձերբակալութեան պատճառն, ըստ «Ալ Տիար» լրատուական կայքին այն է, որ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի կողմէ օժանդակուող քրտական ուժերու իրականացուցած գործողութիւնները կրնան Օճալանի գերդաստանը շարժման մղել, ու վերջիններս կրնան պայքարի դուրս գալ Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ:
Նշենք, որ ԱՄՆ իշխանութիւնները դատապարտած են Թուրքիոյ արարքը, սակայն վերջինս յայտարարած է, թէ այն Թուրքիոյ ներքին հարցն է, եւ ԱՄՆ իրաւունք չունի միջամտելու: