Ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յատնեց իր մտահոգութիւնն ու զայրոյթը թրքական պաշտօնական «Անատոլու» գործակալութեան՝ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ռազմական շրջանները յայտնաբերելուն պատճառաւ: Ամերիկեան կառավարութիւնը նշեց, որ թրքական գործակալութեան այս յատնաբերումը մեծ վտանգ կ’առաջացնէ Սուրիոոյ մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերուն վրայ:
Նշենք, որ թրքական գործակալութիւնը բացայայտեց 10 ամերիկեան ռազմական կայաններ, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ մէջ: Գործակալութինը նաեւ բացայայտեց, որ Ռաքքա քաղաքէն 30 քմ հեռու՝ կը գտնուին 200 ամերիկացի եւ 75 ֆրանսացի զինուորներ:
Ռազմական այս կայաններուն միջոցաւ, ամերիկեան կառավարութիւնը կը զինէ նաեւ քրտական ուժերը:
Ամերիկեան կառավարութիւնը պարզեց նաեւ, որ կը զինէ քրտական ուժերը աւելի երաշխաւորուած յաղթանակ մը ապահովելու «Տահէշ»ին դէմ:
Այս բոլորին հետեւանքով, այժմ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի յարաբերութիւնը բաւականին լարուած վիճակի մէջ է: