Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը համազգային կազմակերպութիւն մըն է որ կը գործէ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ եւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ծնունդէն վերջ՝ նաեւ՝ մայր հայրենիքի մէջ:
Այսօր համաշխարհայնացման դարաշրջանին, տարածութիւնները կը կորսնցնեն իրենց տարանջատող բնոյթը՝ ճամբայ հարթելով առանձին շրջանակներու մերձեցման: Հետեւաբար ֆիզիքական մերձեցումը սատար կը հանդիսանայ նաեւ գործունէութեանց համադրութեան:
Վերոյիշեալ տուեալներէն մեկնելով ԹՄՄի եւ քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները խորհրդակցական հաւաք մը կայացուցին Շաբաթ, Նոյեմբեր 18ին, ԹՄՄի Մեծագոյն Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ եւ յետ երկար խորհրդակցութեան որոշեցին կազմել ԹՄՄի Համաշխարհային Խորհուրդը որ պիտի կատարէ համադրողի դերը ԹՄՄի եւ քոյր կազմակերպութեանց գորունէութեան միջեւ:
Միութեան տարբեր երկիրներու կառոյցներու գործունէութիւնը համադրելու նպատակով որոշուած է հրաւիրել բոլոր շրջանակները ընդհանուր հաւաքի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 2018ի Մարտ ամսուն Երեւանի մէջ: Միարարական շարժումի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ԹՄՄի Լիբանանի Հիմնադիրներու Մարմնին եւ ԹՄՄ Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան, որոնց խանդավառօրէն ընդառաջած է Միութեան մասնաճիւղերու մեծամասնութիւնը:
ԹՄՄի Համաշխարհային Խորհուրդը նոր հորիզոն մը կը բանայ Միութեան գործունէութեան դիմաց՝ ամրապնդելով շարքերը եւ աւելի արդիւնաւէտ կերպով սատարելու՝ ազգին եւ հայրենիքին:
«Միութիւնը Զօրութիւն է» կարգախօսը նոր իմաստ մը կը զգենու այսօր մեր կազմակերպութեան համար:
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Յակոբ Գասարճեան Երուանդ Ազատեան
Ատենապետ Ատենապետ
Նիւ Եորք, Նոյեմբեր 18, 2017