20-րդ դարու սկիզբը Գանատայի իշխանութիւնները պատմական որոշում ընդունեցին, որուն համաձայն երկրի մէջ ապաստան տրամադրեցին Հայոց ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած 109 հայ որբ տղայի:
Պետութեան պաշտպանութեան տակ առնուած հայ մանկահասակ տղաներուն օրինակը դարձաւ՝ այդ երկրի պատմութեան մէջ առաջին լայնամաշտապ մարդասիրական օգնութեան փորձը: Այս փորձը օտարերկրացիներու ընդելուզման յաջողած նախադէպ ըլլալով, հիմք հանդիսացաւ Գանատայի բազմամշակութային հասարակութեան կառուցման համար:
Ինչպէս կը ներկայացնէ rusarminfo.ru-ն, հայ որբերու առաջին՝ 50 հոգինոց խումբին Գանատան ընդունեց 1923 թուականին, իսկ մէկ տարի անց Գանատա ժամանած են եւս 40 անչափահասներ: Անոնց բոլորին տեղաւորեցին Օնթարիօ նահանգի Հալթըն Հիլզ քաղաքի Ճորճթաուն կոչուող համայնքի ագարակներէն մէկուն մէջ, ուրկէ ալ ծագած է որբերու այս խումբի՝ յայտնի «ճորճթաունի տղաները» (Georgetown Boys) անուանումը:
Այստեղ ցեղասպանութենէն փրկուած որբերը սկսան ուսանիլ տեղի դպրոցին մէջ, զբաղուիլ գիւղատնտեսութեամբ ու կամաց-կամաց ընդելուզուիլ գանատական հասարակութեան հետ:
Աւելի ուշ տեղի դպրոցի ուսուցիչներէն մէկուն օգնական Արիս Ալեքսանեանի նախաձեռնութեամբ տղաները սկսան թողարկել «Արարատ» կոչուող տեղեկագիրը, որ տարածուեցաւ Օնթարիօ նահանգի սահմաններէն դուրս:
Ժամանակի հետ այս պարբերականը վերածուեցաւ հայ որբերու իւրօրինակ օրագրի, ուր տեղ գտած պատմութիւնները, նամակներն ու յիշողութիւնները յուզեցին ամբողջ Գանատան:
1976 թուականին լոյս տեսաւ Գանատայի այս առաջին մարդասիրական օգնութեան փորձի մասին պատմող «Ճորճթաունի հայ որբերը» վերնագրով գիրքը, որու հեղինակն էր Ճեք Ապրամեանը՝ Գանատա ժամանած առաջին հայ երեխաներէն մէկը:
Անկէ 30 տարի անց՝ 2006 թուականին, գանատացի յայտնի մանկական գրող Մարշա Սքրիպուչը հրատարակեց հայ տղաներու՝ դէպի Գանատա ճանապարհորդութեան մասին պատմող ու «Արամի ընտրութիւնը» վերնագրով պատմուածքը, որ բազմիցս ճանչցուած է տարուայ լաւագոյն մանկական գիրքը Գանատայի մէջ:
2008 թուականին այս պատմուածքի հիման վրայ ներկայացում բեմադրած է Ճոն Էլիոթի թատրոնը, մէկ տարի անց Ուաշինկթընի մէջ Ճոն Քենըտիի անուան կատարողական արուեստի կեդրոնը ներկայացուցած է «Ճորճթաունի տղաները» երաժշտական (միւզիքլ) ներկայացումը:
Այսօր ճորճթաունեան ագարակի պատերէն մէկուն վրայ իրենց տեղը կը զբաղեցնեն յուշատախտակներ, որոնք տեղադրուած են ի յիշատակ Գանատայի մէջ ապաստան գտած առաջին հայ որբերուն:
Լուրը՝ tert.am-էն