image

«Ճիշդ է, որ Դամասկոս եւ Անգարա տարբեր բեւեռներու վրայ են, սակայն քիւրտերու հարցով անոնց շահերը կը նոյնանան». Արմենակ Թոքմաճեան

«Ճիշդ է, որ Դամասկոս եւ Անգարա տարբեր բեւեռներու վրայ են, սակայն քիւրտերու հարցով անոնց շահերը կը նոյնանան». Արմենակ  Թոքմաճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ «Քարնէկի հիմնարկ»ի փորձագէտ Արմենակ Թոքմաճեանը.

 

-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Անգարայի մէջ երեք ղեկավարներու՝ Փութինի, Էրտողանի եւ Ռուհանիի մէջ վերջերս կայացած  հանդիպման  արդիւնքները։


Նախագահներ՝ Փութին, Էրտողան եւ Ռուհանի, Սոչիի եւ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները յանգեցան սուրիական հակամարտութեան առընչութեամբ քանի մը կարեւոր որոշումներու։

Օրինակ՝ Իտլիպի հարցով։ Այս հանդիպումներէն յետոյ քիչ հաւանական է սուրիական պետական զօրքի կողմէ նոր յարձակում մը։ Մանաւանդ այն հանգամանքին, որ Անգարան կը ցանկար Իտլիպի մէջ երկարաժամկէտ զինադադարի հաստատում, այնուամենայնիւ այս զինադադարն ալ նախորդներուն պէս պիտի ըլլայ ժամանակաւոր։

Եռակողմ հանդիպումները գրեթէ աւարտին հասցուցին «Սահմանադրական Յանձնաժողով»ի կազմաւորման գործընթացը։ Սակայն շատ յոյսեր պետք չէ կապել այս յանձնաժողովին հետ,  որովհետեւ իր սահմանափակ իրաւասութիւններով հազիւ  պիտի կարողանայ  լուրջ փոփոխութիւններ մտցնել Սուրիոյ կառավարման համակարգին մէջ։ Ի վերջոյ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած գերիշխող ուժերու կամքն է որ   պիտի որոշէ Սուրիոյ ապագան:


-Նկատեցինք նաեւ որ թրքական կողմի պահանջքը ապահովական գօտի ստեղծելու վերաբերեալ իր առաջին քայլերը նետեց, սակայն ամբողջական չեղաւ:  Այս առումով ի՞նչ   զարգացումներու  սպասել։


Եռակողմ հանդիպումներու ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը իր ելոյթներուն մէջ առիթը չկրոսնցուց ամերիկացի գործընկերներուն յիշեցնելու, որ Թուրքիան պատրաստ է առանձինն  «ապահովական գօտի» ստեղծել Սուրիոյ հիւսիսը։ Այդ ուղղութեամբ փոքր առաջընթաց կայ, բայց ամենայն հաւանականութեամբ այս հարցով ամերիկեան կողմը յստակ, երկարաժամկէտ համաձայնութեան չկարողանայ հասնիլ Անգարային հետ։ Պաշտօնական Անգարայի համար այս գօտիի ստեղծումը ազգային անվտանգութեան հարց է։ Միեւնոյն ատեն այդպիսի քայլ մը կ'ենթադրէ աւելի խորանալ սուրիական հակամարտութեան ճահիճին մէջ։

 

-Ընդհանուր խօսակցութիւններու մէջ նաեւ կը խօսուի Իտլիպը, Սուրիոյ իշխանութիւններուն յանձնելու թրքական կողմի ծրագրին եւ անոր փոխարէն թուրք-սուրիական համագործակցութեան սկիզբի մը մասին, յատկապէս քրտական շրջաններու կտրուածքով, այսինքն հիւսիսային այն հատուածները, որոնք քիւրտերու տրամադրութեան տակ են, այնտեղ նաեւ համատեղ գործողութիւններ կրնան կատարուիլ մէկ կողմէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ միւս կողմէ Անգարայի կողմէ: Այսպիսի  սցենար մը հաւանական է՞։


Սուրիոյ մէջ ծաւալած պատերազմին պատճառով Թուրքիան եւ Սուրիան կանգնած են հակառակ բեւեռներու վրայ, բայց քրտական հարցով անոնց կը միացնէ ընդհանուր շահը։ Երկուքին համար ալ անձանկալի է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ ունենալ Ամերիկայի աջակցութիւնը վայելող քրտական ուժ։ Այսօր ստեղծուած իրավիճակը առաջին հերթին շահաւէտ է Դամասկոսի համար, որովհետեւ քրտական ուժերը կորսնցնելով վստահութիւնը դաշնակից՝ Ամերիկայի նկատմամբ, ուշ թէ  շուտ  պիտի վերադառնան Դամասկոսի գիրկը:

Ինչ կը վերաբերի Իտլիպը փոխանակելու հարցին, սկզբունքօրէն այսպիսի «քաղաքական խաղեր» հնարաւոր են եւ կրնան պատահիլ Սուրիոյ հակամարտութեան ընթացքին։ Բայց կը կարծեմ, որ  Իտլիպի պարագային փոխանակման հաւանականութիւնը տուեալ պահուն քիչ է։ Այս տեսակէտը հաստատող տարբեր հիմքեր կան։ Օրինակ՝ Անգարան տասներեք ռազմական դիտակէտեր ունի Իտլիպի  մէջ  եւ հեշտութեամբ իր զօրքերը դուրս  պիտի  չբերէ  այնտեղէն։ Միեւնոյն ատեն Թուրքիան Իտլիպը յանձնելով սուրիական պետութեան կը ստեղծէ փախստականներու մեծ ալիք մը, որու միակ փախուստի ճանապարհը  պիտի ըլլայ  Թուրքիան։ Մինչդեռ Անգարան այսօր կը փորձէ իր երկրին մէջ բնակող փախստականներու թիւը կրճատել, երբեմն նոյնիսկ զանոնք  դէպի   Իտլիպ  արտաքսելով (refoulement)։