image

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը պարտական է Թուրքիոյ եւ Քաթարին. Էրտողան

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը պարտական է Թուրքիոյ եւ Քաթարին. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, Քաթարը ո՛չ միայն բնական պաշարներով հարուստ երկիր պէտք է նկատել, այլեւ վերջին շրջանին իսլամական աշխարհին մէջ սկսած ճգնաժամի ու բախումներու լոյսին տակ անկողմնակալ ու փայլուն քաղաքական դիրք գրաւած երկիր:  Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Haberler» կայքը, նշելով, որ Էրտողանի համաձայն, Սուրիոյ ընդդիմութիւնը` վարչակարգի եւ Տահէշի դէմ տարած դիմադրութիւնը կը պարտի Թուրքիոյ եւ Քաթարին, «Եթէ չըլլար Թուրքիոյ եւ Քաթարի աջակցութիւնը, Սուրիոյ ընդդիմադիրները երբեք պիտի չկարենային դիմադրել Ասատի վարչակարգին ու Տահէշին», ըսած է ան:

Աղբիւրը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Էրտողան քաթարեան տագնապի լուծման նպատակով՝ Ֆրանսայի նախագահի եւ Քաթարի իշխանին հետ եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու մասին յայտարարութիւն ըրած է: