image

Սուրիոյ Քիւրտերուն եւ Անգարա- Ուաշինկթըն «նոր» նժարին մասին

Սուրիոյ  Քիւրտերուն եւ    Անգարա- Ուաշինկթըն  «նոր» նժարին  մասին

Մինչ Մոսկուա ժամանած թրքական պատուիրակութիւնը կը շարունակէ իր բանակցութիւնները, անդին Սուրիոյ քիւրտերու՝ Աստանայի ժողովին մասնակցութեան հարցը աւելիով կը  սրէ,  առանց անոր ալ բաւական լարուած իրավիճակի մէջ եղող Անգարա- Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները:

 Երկու կողմերուն  միջեւ    առկայ  լարուածութիւնը   յաւելեալ բարդացում   ապրեցաւ յատկապէս Ամերիկայի արտաքին գերատեսչութեան բանբեր՝ Մարք Թոնըրի Սուրիոյ քիւրտերուն Աստանայի ժողովներուն մասնակցելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ ըրած յայտարարութիւններէն ետք: Մինչ Թուրքիոյ վարչախումբը առիթ չի փախցներ Սուրիոյ տարբեր հատուածներուն մէջ պատերազմող եւ «ինքնավարութիւն» կերտելու երազով վարարուած միաւորումները ահաբեկչական որակել, անդին Միացեալ Նահանգներ բացայայտօրէն կը շարունակէ զինել քիւրտերը: Խնդիրը հոս չէ: Հարցը կը վերաբերի ԱՄՆ-ի նախագահին յառաջիկայ 20  յունուարին երկրի ղեկը ստանձնելու դրոյթին հետ: Այդ տրամաթիք պահերուն է նաեւ, որ քիւրտերու հարցը պիտի դրուի նոր նժարի մը վրայ, որուն ամէնէն ծանր կշռաքարը կը գտնուի Գրէմլինի ընդարձակ  սրահներուն մէջ: Պատրաստ է Մոսկուա «ծախել» քիւրտերը: Եթէ այո, ապա ի՞նչ գինով: Իսկ եթէ ոչ, ապա ինչ պիտի ըլլայ Մոսկուայի թելադրանքը Թրամբի վարչակազմին, որուն Սուրիոյ կամ Միջին Արեւելքի վերաբերեալ  «մեծ քաղաքականութեան» մասին ցարդ ոչ մէկ նախանշան կ'երեւի:

 Քիւրտերը նստած են ամերիկեան ձին առանց մտածելու, որ նոյն այդ ձին իրենցմէ առաջ Սուրիոյ մէջ կռուող եւ իբրեւ թէ  ազատութեան համար «սուրբ պատերազմ» մղող «չափաւորական ընդդիմադիր»ները ճամբան ձգած էր: Անմխիթար, մինակ ու պարտուած:

 Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն նոր երանգ եւ լաւատեսական շեշտ մը տալու բոլոր գիծերը վստահաբր կ'անցնին քիւրտերուն փորած խրամատներէն: Ու այդ խրամատներուն մէջ է նաեւ, որ երկու հին դաշնակիցներու ապագայի համագործակցութեան բարակ թելը    պիտի «մանուի»: Այս բոլորին մէջ անշուշտ հիմնարար է Մոսկուայի խօսքը, որուն համար քիւրտերը ինչպէս ԽՍՀՄ-ի օրերուն, այսօր ալ Թուրքիոյ մէջ կարեւոր   «խաղացողներ» են: