Սուրիոյ Երթեւեկութեան նախարար Ալի Համմուտ յայտնած է, որ Հալէպի միջազգային օդակայանի վերաշինութեան վերջին աշխատանքները հունի մէջ են, եւ այն վերստին աշխատանքի պիտի կոչուի տարածքի անվտանգութիւնն ապահովելէ ետք:
«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ Համմուտ նշած է, որ բացի Հալէպի օդակայանէն, նախարարութիւնը մտադիր է վերաբանալ նաեւ Լաթաքիոյ արուարձանին մէջ գտնուող Հմէմիմ օդակայանը:
Նախարարը յայտնած է նաեւ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը մտադիր է Դամասկոսի մէջ նոր օդակայան մը հիմնել, որովհետեւ մայրաքաղաքի օդակայանը 1970 թուականին կառուցուած է, ու շատ փոքր է բաւարար չափով մարդ ընդունելու համար: