image

Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը բախումի «աղբիւր»

Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը բախումի «աղբիւր»

Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուած Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան նախագիծը բախում առաջացուցած է կառավարութեան համակիրներու եւ ընդդիմութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամին մէջ ներգրաւուած ուժերու միջեւ:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Սուրիոյ կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Տէ Միսթուրային տրամադրած են այն անունները, որոնք պիտի մասնակցին նոր սահմանադրութեան քննարկամն գործընթացին: Ցուցակը կազմուած է 50 անուններէ, որոնք Ասատի համակիրներ են: Իր հերթին Տէ Միսթուրա յայտնած է, որ ցուցակին մէջ հաւասարապէս պէտք է ընդգրկուած ըլլան ե'ւ կառավարութեան համակիրներ, ե'ւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ, շեշտելով, որ Ասատի վարչակազմը պէտք է 20 անուն առաջարկէ, իսկ մնացած 30 անունները պէտք է ներքին եւ արտաքին ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ ըլլան: